Ներողութիւն խնդրելուն իմաստը միշտ ալ սխալ հասկցուած է մեր միջավայրին մէջ։ Ներողամիտ ըլլալ չի նշանակեր տկար ըլլալ կամ ինքզինք թերագնահատել: ընդհակառակը՝ ներողութիւն խնդրողին լաւ վարքագիծը ցոյց կու տայ։ Ներողամիտ եղողը այն անձն է, որ չ’ուզեր ապրիլ կեանք մը լեցուն ատելութեամբ եւ ոխակալութեամբ, այլ կը փափաքի կեանքը շարունակել սիրո՜վ եւ համերաշխութեամբ։
Ներողութիւն խնդրելով շատ մը բաներ կրնան փոխուիլ կեանքիդ մէջ։ Օրինակ. նեղութեամբ լեցուն պահերդ ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ կը փոխարինուին։ Գործուած սխալին պատճառած ցաւը կամաց-կամաց կը նուազի։
Եթէ մարդ ներողութիւն խնդրէ, չի նշանակեր որ անպայման ինք սխալած է, այլ ան իր արարքով կ’արժեւորէ իր յարաբերութիւնը եւ ցոյց կու տայ, որ ուրիշներուն հետ յարաբերութիւնը պահելը աւելի կարեւոր է, քան՝ իր անձին յաղթանակը։
Այս պատճառով ալ պէտք է ճշդենք ներողութիւն բառին իմաստը ու զայն զանազանենք տկարութենէն, համարելով՝ անձի զօրութիւն։
Ուստի, միշտ ներենք եւ ներողութիւն խնդրենք, ու այդ ժամանակ է որ մեր կեանքին մէջ պիտի տիրէ խաղաղութիւնը։
Շողեր Տէր Յովհաննէսեան