ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԳՐՈՂՆԵՐ Ի՞ՆՉ ԳՐԱԾ ԵՆ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՍԻՆ
Հայ արուեստի պատմութեան մէջ դժուար է գտնել այնպիսի գործիչ, որուն կերպարով ներշնչուած ըլլան դարու գրեթէ բոլոր գրողներն ու բանաստեղծները։ Թերեւս այդ երանելիներէն է հայ հանճարեղ երգահան Կոմիտասը։
Անոր մասին գրուած են թէ՛ փոքրիկ բանաստեղծութիւններ, թէ՛ պոէմներ ու ծաւալուն երկեր։
Երգահանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով հիասքանչ ստեղծագործութիւն գրած է հայ մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը։
1956-ին կը  ծնի բանաստեղծութեան այն հատուածը, որ հետագային կը դառնայ հանրայայտ «Անլռելի Զանգակատան» բնաբանը։ 1959-ին Կոմիտասին նուիրուած առաջին բանաստեղծութեան ստեղծումէն 10 տարի անց, Պ.Սեւակ կ’աւարտէ վերոնշեալ իր գլուխգործոցը, որ այսօր ալ կը համարուի Կոմիտասին նուիրուած ամենավառ գործերէն մէկը։ «Անլռելի Զանգակատունը» կը բաժնուի ղօղանջներու. առաջինը կը կոչուի «Ղօղանջ Աւետիսի».
Հազար ութ հարիւր վաթսունինն թուին
Հայոց այգիներն ի՞նչ պտուղ տուին.
Հայոց արտերում ի՞նչ բերք էր հասել,-
Դժուար է ասել…
Միեւնոյն թուին, Լոռուց շատ հեռու՝
Անատոլուի խաւար խորքերում   
Մէկ ուրիշ մանուկ լոյս աշխարհ եկաւ։
Մինչ հայրը նրա՝ Գեւոն կօշկակար, 
Գոգնոցը հանեց, արխալուղ հագաւ,
Հարեւան-դրկից՝ մի-մի շիշ օղով՝
Նրա տուն մտան՝ աչքալուսանքի։
Մէկ հատուած ալ «Ղօղանջ Օծման»-էն.
Նա բանաստեղծ էր
Ու երգաստեղծ էր
Նա ունէր վառ ձայն
Ու նուագման ձիրք…
Եւ սակայն ոչ ոք
Հայոց հինաւուրց կաթողիկոսի անունը երբեք
Ո՛չ ստացել էր որպէս թանկ ընծայ,
Ո՛չ էլ գողացել։
Եւ հիմա – յանկա՜րծ – հայոց նորընծայ
Երկրո՛րդ Կոմիտաս,
Որ Հայրապետի
Անուանը պիտի
Ամենայն ինչում
Տա նո՛ր մի հնչում,
Սուրբ յիշատակը մշտավառ պահի։  
***
ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Երաժշտութիւնը նշանակալից դեր ունի դաստիարակութեան մէջ, այնպէս ինչպէս արուեստը ընդհանրապէս: Մեր վարժարաններէն թէ բնակարաններէն ներս հարկ է մեր պատանիներուն լսել տալ Կոմիտասի, Կանաչեանի, Սայաթ Նովայի եւ այլ երաժիշտներու երգերն ու երաժշտութիւնը, անոնց հոգիները հարստացնելու հայ մշակոյթին գոհարներով:
Այստեղ կը մէջբերենք Պիլերիան Մարիի «ԿԻՆԸ ԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ» յօդուածէն բաժին մը, ուր անդրադարձ կայ դաստիարակութեան մէջ երաժշտութեան դերին.
«Երաժշտութեան ազդեցութիւնն ալ ահագին նշանակութիւն ունի բարոյական դաստիարակութեան գործին մէջ, վասն զի երաժշտութիւնը կը փափկացնէ, կ’ազնուացնէ մանուկ սիրտերը, անուշ եւ շիտակ հոգիներ կը պատրաստէ։
Եթէ դաստիարակուհին երաժիշտ է քիչ շատ, միջոց մը աւելի ունի հրապուրելու համար մանուկները, որոնք երգի ու պարի խենթ են։
Անհրաժեշտ է օրուան գոնէ մէկ ժամը տալ երաժշտութեան. բայց միայն երգեր սորվեցնելը բաւական չէ՛, այլ երբեմն աշակերտներու տարիքին ու երաժշտական հասկացողութեան յարմար կտորներ ալ առանձին նուագելու է, վասն զի միօրինակութիւնը ձանձրոյթ կը պատճառէ եւ փոփոխութիւն մտցնելով է որ հաճելի ու օգտակար կ’ըլլայ բան մը։
Մտաւոր դաստիարակութեան համար կարելի է սահմաններ որոշել եւ ընդունակութիւններու ու յարմարութիւններու համեմատ կարգադրութիւններ ու ընտրութիւններ ընել։
Ամէնուն տրուած չէ՛ անշուշտ սուր ու կարող միտք. իմաստասէր մը, գիտուն մը կամ գրագէտ մը ըլլալու ջերմ ցանկութեան հետ՝ նաեւ տաղանդ, բայց բարոյական դաստիարակութիւնը իր ամբողջական առումով պարտաւորիչ է եւ պէ՛տք է ըլլայ ամէնուն համար ալ առ հասարակ։
Ամէն մանուկի մէջ,- ըլլա՛յ այն փարթամ կամ անշուք տան զաւակ,- պէտք է սրտի մարդը պատրաստուի անպատճառ եւ դպրոցին է՛ն առաջին ու սրբազնագոյն կոչումը արդէն ատիկա է»։