ՏԵՂԱԿԱՆ
 ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Միացեալ Էմիրութիւններու Շարիքա նահանգին մէջ ուսումնամարզական հաւաքի ընթացքին, Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը, խումբի նորանշանակ մարզիչ Հուսամ Էլսայէտի գլխաւորութեամբ, բարեկամական հանդիպում մը ունեցաւ Վենեզուելլայի հաւաքականին հետ եւ կրեց հերթական իր հինգերորդ պարտութիւնը:
– Անցեալ շաբթուան ընթացքին Հալէպի մէջ տեղի ունեցան Սուրիոյ պետական համալսարաններու միջեւ տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի մրցաշարքեր: Մեծ մրցակցութենէ ետք, Հալէպի զոյգ խումբերը տիրացան ախոյեանութեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՔԱԹԱՐԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ 2022-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ 
Աւելի քան 60 հազար ժողովուրդի ներկայութեան Քաթարի մայրաքաղաք Տաուհայի մէջ բացուած յայտարարուեցան 2022-ի համաշխարհային ֆութպոլի մարզախաղերը: Մարզախաղերու պատմութեան մէջ այս առաջին անգամն է, որ սոյն մրցաշարքը տեղի կ’ունենայ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս արաբական երկրի մը մէջ: Բացման արարողութեան մաս կազմեցին միջազգային նշանաւոր երգիչներ. բարի գալուստի յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ մասնակից 32 երկիրներուն, ապա ներկայացուեցաւ 2022-ի մարզախաղերուն նշանակը: Ներկայացուեցան նաեւ նախկին մրցաշարքերու երգերը իրենց յատուկ նշանակներով: Քաթարի համաշխարհային խաղերը տեղի պիտի ունենան նորակառոյց ութը մարզադաշտերու վրայ, որոնք պատրաստուեցան արդիական միջոցներով՝ պահելով ներքին ջերմութիւնը, նկատի ունենալով ջերմաստիճանի բարձրութիւնը: Բացման արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրընկալ Քաթարի եւ Էքուատորի միջեւ 2022-ի առաջին հանդիպումը, որ աւարտեցաւ Քաթարի պարտութեամբ՝ 2 – 0 արդիւնքով:
ԱՆԳԼԻԱՆ ՀՍԿԱՅ ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ԻՐԱՆԸ
Համաշխարհային խաղերու երկրորդ օրուան մրցումներուն, Անգլիոյ հաւաքականը 6 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրանի կազմը: Հանդիպումի 20-րդ վայրկեանին, Իրանի հաւաքականը կրեց ծանր հարուած մը, երբ խումբի դարպասապահը վիրաւոր դուրս եկաւ դաշտէն, ինչ որ ազդեց խաղացողներուն հոգեկանին վրայ: 35-րդ վայրկեանին, Անգլիոյ խաղացող Պելինկհամ  կատարեց կոլերուն բացումը, որմէ ութը վայրկեան ետք, Պույաքօ Սաքան կրկնապատկեց արդիւնքը: Նախքան կիսախաղը, Ռահիմ Ըսթերլինկ նշանակեց երրորդ հարուածը: Երկրորդ կիսախաղը ընթացաւ նոյն կերպով. Անգլիան իշխեց խաղարկութեան եւ դարձեալ երեք առիթներով ցնցեց իրանի դարպասը: Իրանի զոյգ կոլերը նշանակեց Մըհտի Թարեմին՝ 65-րդ եւ 90-րդ վայրկեաններուն: Հոլանտան նաեւ 2 – 0 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել Սենեկալին, որմէ կը բացակայէր լաւագոյն խաղացող Սատիօ Մանէն: Հոլանտայի զոյգ կոլերը նշանակեցին Քոտի Ճաքբօն եւ Տավի Քլասսէնը՝  84-րդ եւ 90-րդ վայրկեաններուն:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան