ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Գամիշլի իր այցելութեան շրջագիծէն ներս Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2022- ին Համազգայինի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ-ի ուղղեկից միութիւններու` ՍԵՄ-ի, ՍՊՄ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի , ՍՕԽ-ի Գամիշլիի մէջ գործող պատասխանատու կազմերուն հետ, ինչպէս նաեւ Գամիշլիի Հայ Դատի Յանձնախումբի, Ռատիոյ Երազի եւ «Գանձասար»-ի Գամիշլիի թղթակիցներուն հետ։

Հանդիպումին իւրաքանչիւր միութիւն իր զեկոյցը ընթերցեց, որուն մէջ ներկայացուց միութեան թուապատկերը, գործունէութիւնները, ապագայ ծրագիրները, եւ դիմագրաւած դժուարութիւներն ու մարտահրաւէրները ։
Մանոյեան գնահատեց միութիւններուն
տարած աշխատանքը եւ գաղութի հայապահպանման ի նպաստ բոլոր ճիգերը, շեշտելով որ ՀՅԴ երիտասարդական գրասենեակը բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ զօրավիգ կանգնելու երիտասարդութեան։
Մանոյեան նորանոր վերելք եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր միութիւններուն, որոնց անսակարկ նուիրումով եւ անկոտրում կամքով կարելի կը դառնայ յաղթահարել տարբեր դժուարութիւններ։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն