Մատրիտի մէջ Ընկերվար Միջազգայնականի 26-րդ քոնկրէսի աշխատանքներուն մասնակցող ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը 26 Նոյեմբերի առաւօտեան հանդիպում ունեցած է Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսի հետ, որ նախօրէին ընտրուած էր Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահ:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը շնորհաւորած է Սպանիոյ վարչապետ Փեթրօ Սանչեսը` կրկին Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահ ընտրուելուն առիթով:

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան Սպանիոյ վարչապետին փոխանցած է Արցախի Հանրապետութեան քարտէզագիրքը:

Յիշեցնենք որ Մատրիտի մէջ կը շարունակուին Ընկերվար Միջազգայնականի 26-րդ քոնկրէսին աշխատանքները: ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը յընթացս հանդիպումներ եւ քննարկումներ կ’ունենայ տարբեր երկիրներու ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու ու պետական պաշտօնեաներու հետ: