«Արմէնփրէս»._ Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները 27 Նոյեմբերին տեղւոյն ժամը 21:00-23:30_ին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն մանրամասնելով, որ հայկական կողմը կորուստներ չունի:

28 Նոյեմբերի տեղւոյն ժամը 08:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը առաջնագիծի վրայ յարաբերականօրէն կայուն է: