Դամասկոսի Ոսկերիչներու Միութիւնը յայտարարեց, որ համաշխարհային սակարանէն ներս, ոսկիին գինին 1757 ամերիկեան տոլարի բարձրացումին զուգահեռ, Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2022-ին, սուրիական շուկային մէջ ոսկիին գինը աննախընթաց բարձրացում արձանագրեց։ Միութեան հրապարակած ցուցակին համաձայն, ոսկիի (21 կարատ) մէկ կրամին գինը հասաւ 266.000 ս.ո.-ի, մինչդեռ 18 կարատին մէկ կրամը՝ 228. 000 ս.ո.-ի։