Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու արտակարգ նիստին ընթացքին, ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան երկիրներու Իրանի դէմ գոյացուցած կամայական որոշումը։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ իրանցի իր պաշտօնակից Հուսէյն Էմիր Ապտուլլահեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ շեշտեց, որ նման որոշումներ անընդունելի են եւ Իրանի գերիշխանութիւնը կը խախտեն։

Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը զօրակցութիւն կը յայտնէ Իրանի ղեկավարութեան, կառավարութեան եւ ժողովուրդին։
Նախօրօք, Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին գոյացուցած որոշումը, որուն համաձայն Իրանի մէջ Մահսա Ամինիի մահուան առիթովյառաջ եկած ցոյցերը կանխելու համար միջազգային հետաքննութիւն պիտի կատարուի։