25-27 նոյեմբերին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի նիստը եւ համագումարը, որուն կը մասնակցէին շուրջ 80 երկիրներէ մօտ 400 պատուիրակներ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը նախապէս ներկայացուցած էր ղարաբաղեան տագնապին վերաբերող եւ Հայաստանի նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող բանաձեւ, որ համագումարին կողմէ ընդունուեցաւ 27 Նոյեմբերին:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ տագնապին վերաբերեալ» բանաձեւով Ընկերվար միջազգայնականը` նկատի առնելով 2021 թուականի Մայիսէն Հայաստանի տարածքին մէջ ատրպէճանական զինուորական գործողութիւնները` մասնաւորապէս քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու եւ բնակավայրերու նկատմամբ, կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին զօրքերը դուրս բերելու Հայաստանի տարածքէն: Բանաձեւով նաեւ կը դատապարտուի որեւէ երրորդ կողմի մասնակցութիւնը տագնապին:

Ընկերվար միջազգայնականը նաեւ դատապարտած է հայ ռազմագերիներու կալանաւորումներն ու կտտանքները` պահանջելով գերիներու ու պահուող անձերու անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակումը:

Համագումարը ըստ էութեան ընդունած է, որ ղարաբաղեան տագնապը լուծուած չէ, արձանագրած է, որ Ընկերվար միջազգայնականը տեւական ժամանակ ներգրաւուած եղած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ եւ, որ տագնապը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում: Ընկերվար միջազգայնականը կարեւոր նկատած է ղարաբաղեան տագնապի լուծումը` շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ եւ անգամ մը եւս կոչ ուղղած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններուն ու առհասարակ միջազգային հանրութեան շարունակելու ջանքերը առարկայական բանակցութիւններու համար:

Համագումարը նաեւ ընդունած է շարք մը այլ բանաձեւեր` համերաշխութիւն յայտնելով աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ տագնապներու զոհ դարձող կողմերուն:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, արտաքին քաղաքականութեան իր բոլոր կարելիութիւններով, այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու շահերու միջազգային պաշտպանութեան ուղղուած աշխատանքները: