Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ, Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ Պաքուի մէջ քննարկած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:

Կողմերը քննարկած են Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի տարրերը եւ անոնցմէ բխող հարցերը, տարածաշրջանի մէջ յարաբերական ուղիներու բացումը եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացը: Հանդիպումի ընթացքին ատրպէյճանցի նախարարը յայտարարած է, որ Հայաստան «մինչեւ հիմա չէ կատարած իր պարտաւորութիւնները 10 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան շրջագիծէն ներս» եւ «ամբողջութեամբ դուրս չէ բերած իր զինուորները Ատրպէյճանի տարածքէն»։
Աւելի ուշ ամերիկացի դիւանագէտը բանակցութիւններ վարած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: