Վարանդ Մելքոնեան ծնած է Իրաք: Ան զաւակն է Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեաններուն: Պատանեկան տարիքէն իսկ Վարանդի համար ՀՄԸՄ-ը դարձած իր երկրորդ ընտանիքը: Նախնական կրթութիւնը Կաթողիկէ վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, Վարանդ յաճախած է Պետական երկրորդական վարժարան, զոր աւարտելով մասնակցած է Պաքալորիայի քննութեան՝ բերելով երկրորդ բարձրագոյն նիշը ամբողջ երկրին մէջ:

Այնուհետեւ, Վարանդ յաճախած է Արհեստագիտութեան համալսարան, իսկ 1977-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ: Այստեղ Վարանդ անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելոսի մասնաճիւղին, ուր իբրեւ պարզ անդամ կամ վարչական ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Վարանդի գործունէութիւնը, անշուշտ, չէ սահմանափակուած Լոս Անճելոսի մասնաճիւղին մէջ, անոր ներկայութիւնը կը տեսնենք ամէնուրեք՝ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ՀՄԸՄ-ի կեանքի բոլոր տարբեր ոլորտներուն մէջ: Վարանդ կը հաւատար որ «հայ ազգին զօրակցիլը հրամայական մըն է, իսկ հայութեան բարօրութեան նպաստելը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայու կեանքին նպատակը»:

Շատերու արդէն ծանօթ է, որ Վարանդ Մելքոնեան յաջողակ գործարար մըն է: Ան սեփականատէրն է «Home Organizers Inc.» հաստատութեան, որուն հովանիին տակ գտնուող «Closet world», «Close By Design», «Garage Envy», «Blind World», «Organize.com» եւ «Brio Water Technologies» ընկերութիւնները կը գործեն Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի տարածքին՝ իրենց 65 մասնաճիւղերով:

1989-ին Վարանդ կ՛ամուսնանայ մէկ այլ նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականի՝ քոյր Հուրի Ճիվէլէկեանի հետ: Մելքոնեան զոյգի հայաբոյր այս օճախը կը բախատաւորուի երեք զաւակներով՝ Արման, Արլին եւ Արէն Մելքոնեաններ: Իսկ աւելի ուշ Վարանդ կը դառնայ մեծ հայր իր զաւկի՝ Արմանի ամուսնութեամբ Քամի Գահուէճեամի հետ:
Մելքոնեան ամոլին համար բարեսիրական ու ազգային միութենական բազամազան նախաձեռնութիւններու, տարատեսակ ծրագիրներու եւ կազմակերպական աշխատանքներու գործնապէս սատարելու եւ նիւթապէս զօրավիգ կանգնելու մօտեցումը եղած է կեանքի եղանակ: Անոնք իրենց յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձուցած են հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանին, Արցախին եւ սփիւռքեան տարբեր օճախներուն տրամադրած իրենց զօրակցական օժանդակութիւններով: Մեծ է նաեւ Մելքոնեան ամոլին բերած նիւթական նպաստը՝ ամերիկեան բարեսիրական ծրագիրներու օժանդակութեան մէջ:

Հակառակ իր գերզբաղուածութեան Վարանդ գործնական մասնակցութիւն ունեցած է Հայ Դատի Յանձնախումբի, USC Համալսարանի Հայկական Ամպիոնի եւ Հայ Ոսկրածուծի Նուիրատաուներու հիմնարկութեան աշխատանքներուն մէջ:

Բոլորիս ծանօթ է որ Վարանդ Մելքոնեան ունեցած է հարազատներ եւ բարեկամներ Հալէպի մէջ: Ան Հալէպը մշտապէս համարած է Սփիւռքի մեծ կռուաններէն մէկը: Բնականաբար ալ Վարանդ Հալէպի գաղութի բարգաւաճման եւ անոր վերականգման աշխատանքներուն եւ ճիգերուն մշտապէս սատարելու եւ զօրավիգ կանգնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է:
Պատերազմի տարիներուն, Վարանդ ներդրում ունեցած է հայ համայնքի կայունութեան նպաստող աշխատանքներուն: Ան մեկենասը եղած է Հայ Դատի Յանձնախումբին հրատարակած «Արդար Հատուցում» գիրքի արաբերէնի թարգմանութեան: Իսկ Հալէպի Հայ Երիտասարդութեան Միութեան գործունէութիւնը քաջալերելու համար Վարանդ իր բարեսիրական նպաստը բերած է Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Փոթորիկ» կեդրոնի վերանորոգման ծրագիրներուն:

Վարանդ Մելքոնեան արժանացած է 50-է աւելի մրցանակներու եւ պարգեւներու: Կ՛արժէ յիշել ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին շնորհած «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանը, Հայկական Ոսկրածուծի Նուիրատուներու Հիմնարկութեան «Տարուան Դէմքը» մրցանակը, Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան գլխաւոր Մրցանակը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի «Ժառանգութիւն» մրցանակը, «Էլիս Այլընտ» Պատուոյ շքանշանը, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետարանէն, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունէն եւ Ծերակոյտէն, Քալիֆորնիոյ Ներկայացուցիչներու Տունէն եւ զանազան քաղաքապետարաններէն ստացած պարգեւները:

Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը ստանձնած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 40-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը:
Միութենական վաստակի, բայց մանաւանդ ազգային բարեսիրական բեղուն գործունէութեան նախանձելի եւ միաժամանակ օրինակելի զոյգ մը կը հանդիսանան Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները: Միութենական մեր կեանքին մէջ յաճախ չէ որ կը տեսնենք աշխատողի եւ նուիրատուի համատեղումը մէկ անձի մէջ:

Վարանդի առանձնայատկութիւնը եւ արժանիքը այս համատեղումին մէջ կը կայանայ: Անխոնջ աշխատողը ազգային միութենական կեանքի մէջ եւ առատաձեռն բարեգործը, որ դեռ մեծ իրագործումներու բարեյուսութեամբ կը նայի ապագային: