Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ անդրադարձած է խմբակցութեան կազմին մէջ ընդգրկուած «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորներու՝ իրենց պաշտօնէն հրաժարելու որոշումին:
Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի. ««Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան մեր գործընկերներուն հետ ունեցած ենք անկեղծ քննարկում, տեղեակ եղած ենք որոշումէն:
Արձանագրենք, որ մեր միացեալ քաղաքական նպատակադրումին, սկզբունքներուն մէջ ոչինչ փոխուած է:
Յարգանքով կը վերաբերինք մեր գործընկերներու որոշումին: Վստահ ենք քաղաքական այս պայքարին մէջ տակաւին շարունակական ու միացեալ ընելիքներ շատ կան»: