Սպասել. ինը ամիս՝ աշխարհ գալու համար, մէկէն մէկուկէս տարի՝ քալել սկսելու համար, տասնքանի տարի՝ սիրոյ ի՛նչ ըլլալը համտեսելու համար, տասնութ տարի դպրոցական շրջանը աւարտելու եւ երբեմն նաեւ ծնողներու հակակշռէն դուրս գալու համար, քսանքանի տարի համալսարանը աւարտելու եւ աշխատանքի անցնելու համար, երկրորդ (աւելի լաւ) կէսին հանդիպելու համար, պսակուելու, զաւակներ ունենալու, գործի մէջ յաջողութիւն, պաշտօնի մէջ բարձրացում ունենալու համար …
Սպասել պասին, թաքսիին, ամուսինին, զաւակին …
Սպասել ատամնաբոյժին սպասասրահին մէջ, բժիշկին սպասասրահին մէջ, հիւանդապահին գալուն՝ սրսկումի համար…
Եւ այսպէս մեր կեանքը կը կազմուի տարբեր սպասումներու օղակներէ կազմուած երկա՜ր շղթայով մը, որ կը կաշկանդէ մեզ, բայց որուն չենք իսկ անդրադառնար:
Նշանաւոր խօսք մը կայ Հենրի Վան Տայքի կողմէ ըսուած.
«Ժամանակը շատ դանդաղ է անոնց համար, որոնք կը սպասեն, սրընթաց է անոնց համար, որոնք կը վախնան, շատ երկար է սգացողներուն համար, շատ կարճ՝ ցնծացողներուն համար, բայց անոնց, որոնք կը սիրեն, ժամանակը յաւիտենութիւն է»:
Մեզի կը թուէր, թէ ասիկա փոխաբերաբար ըսուած խօսք է, որ կապ ունի մարդ արարածին հոգեբանութեան հետ: Ըստ գիտութեան՝ այդպէս չէ եղեր:
Վերջերս բոլորս ալ կը զգանք, թէ «ժամանակը շատ արագ սկսեր է անցնիլ»: Նոյնիսկ հարց տուեր էի գիտուն երիտասարդի մը, թէ արդեօ՞ք ինչ որ ժամանակին մէկ վայրկեանուան միջոց կը համարուէր, այսօր, տարբեր պատճառներով կարճցած է այդ միջոցը, թէեւ մենք տակաւին «մէկ վայրկեան» կ’ըսենք: Գիտուն երիտասարդը ըսած էր թէ այդպէս չէ, նման բան չկայ, մէկ վայրկեանուան միջոցը նոյնն է, ինչ որ էր:
Խորքին մէջ սակայն ներկայի գիտութիւնը ժամանակին կապուած այնպիսի ցնցիչ նորութիւն մը կը բերէ, որ պահ մը կը սահմռկինք:
Գիտական փորձերը ցոյց տուած են, որ ժամանակը, երբ մօտ է հողին, աւելի դանդաղ կ’անցնի, քան երբ հեռու է անկէ, ինչպէս բարձր լերան մը վրայ. եւ ասիկա որպէս արդիւնք ձգողականութեան ուժին: Երբ շատ փոքր աթոմիք ժամացոյցներ դրած են 33 սմ. իրարմէ բարձր, ժամանակը աւելի դանդաղ անցած է, երբ չափուած է հողին մօտիկ եղած ժամացոյցով: Ճիշդ է որ տարբերութիւնը շատ փոքր է, բայց տարբերութիւն կա՛յ:
Այլ խօսքով՝ ժամանակ ըսուածը բացարձակ իրողութիւն մը չէ, ինչպէս փաստած են գիտնականները:
Տեսական բնագիտութեան (Theoretical physicist) մասնագէտ իտալացի Carlo Rovelli իր «Ժամանակի Կարգը» (The Order of Time) գիրքին մէջ կ’ըսէ թէ մեր զգացումը, որ ժամանակը դէպի առաջ կը հոսի, կրնայ ճիշդ չըլլալ:
Ժամանակը կը հոսի՞, ինչպէ՞ս, ուղի՞ղ գիծով, թէ …
«Ժամանակը ոչ ուղիղ գիծով է, ոչ ալ շրջանակաձեւ, ոչ կը հոսի, ոչ ալ կը շարժի, բայց կ’արտօնէ որ ուրիշներ այդպէս ընեն: Հետեւաբար ինչ որ կը նկատենք կապ չունի ժամանակին հետ, բացի անկէ, որ ժամանակը կ’արտօնէ անոնց ըլլալ … »:
* * *
Հին պատմութիւն է. շատերը պիտի գիտնան, շատերը, որոնք ինծի տարեկից են, ինձմէ քիչ մը մեծ կամ քիչ մը փոքր: Չեմ կարծեր որ նորերը գիտեն այս պատմութիւնը, չեմ կարծեր որ կ’ուզեն գիտնալ, որովհետեւ մէկ ու միակ բան կայ զիրենք հետաքրքրող՝ ընկերային ցանցերը: Սակայն որքան գիտեմ, այս պատմութիւնն ալ ընկերային է:
Տէրվիշ մը ճամբուն եզրին պառկեր քնացեր է: Քաղաքապետին զինուորները կ’արթնցնեն զինք:
– Ելի՛ր, հոսկէ կորսուիր գնա՛, քաղաքապետը պիտի անցնի:
Տէրվիշը յուլօրէն աչքերը կը բանայ եւ առանց տեղէն շարժելու կը հարցնէ.
– Քաղաքապետէն աւելի մեծ մէկն ալ կայ, չէ՞:
– Անշո՛ւշտ, վէզիրը:
– Անկէ վեր ո՞վ կայ:
– Վարչապետը:
– Անկէ վեր:
– Իշխանը, թագաւորը, սուլթանը … շարժուի՛ր:
– Սուլթանէն վեր ո՞վ կայ:
– Սուլթանէ՞ն վեր … հէ՛չ:
– Այդ «հէչ»ը ե՛ս եմ,- կ’ըսէ տէրվիշը հանդարտօրէն եւ աչքերը գոցելով կը շարունակէ քնանալ:
Այս պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի զիս գրաւողը տէրվիշին հանդարտութիւնն է. մարդը շատ լաւ գիտէ թէ որքան ալ վազէ, հասնելիքը մէկ տեղ է միայն՝ փոսին:
Պիտի ըսէք՝ բայց պէտք է վազել աւելի բարձր դիրքերու հասնելու համար: Ես կ’ըսեմ՝ պէտք է քալել եւ շուրջը դիտել, վայելել բնութիւնը, ընկերները, կեանքը մէկ խօսքով, ու երբ իրիկուն ըլլայ, գլուխը բարձին դնել եւ կարենալ խաղաղութեամբ քնանալ:
Յունիսի առաջին շաբաթավերջին Անգլիոյ թագուհիին փլաթինեայ տարեդարձն էր՝ Մեծ Տիկինը եղեր էր 96 տարեկան եւ 70 տարիներէ ի վեր թագուհին էր աշխարհի մեծագոյն եւ հզօրագոյն երկիրներէն մէկուն՝ Բրիտանական կայսրութեան:
Կը դիտէի  չորսօրեայ հանդիսութիւններուն առաջին օրուան շքերթը եւ զինք՝ պալատին պատշգամին վրայ: Ի՞նչ կը զգար արդեօք այդ կինը, որուն խօսքէն շատերու կեանքը կախուած էր ատենօք (այսօր այդպէս չէ բարեբախտաբար): Ի՞նչ կը զգար իբրեւ կին, իբրեւ մարդ: Որեւէ կնոջմէ կամ մարդէ տարբե՞ր: Թերեւս տարբեր՝ պատասխանատուութեան իր զօրաւոր գիտակցութեամբ, ինչ որ մեծ արժանիք է:
Երկու ամիս ետք Մեծ Տիկինը նաեւ սկսաւ յաւիտենութեան իր ճամբորդութիւնը, որեւէ սովորական մահկանացուի նման: Անսովորը այն է, որ ժամանակը իր վրայ ազդեցութիւն պիտի չունենայ, որովհետեւ ինք պիտի շարունակէ ապրիլ նախ մարդոց միտքերուն, ապա՝ գիրքերուն եւ ի վերջոյ՝ պատմութեան մէջ:
Անկէ անդի՞ն սակայն:
Բոլորս ալ գիտենք որ պէտք է վազենք: Տխուրը այն է սակայն, որ մեր այդ վազքին մէջ յաճախ շատ բան կը կորսնցնենք, մէկ-երկու բան շահելու համար: Կը կորսնցնենք մանաւանդ կեանքին համն ու հոտը:
Հետաքրքրական է անշուշտ, որ երիտասարդներուն համար կեանքին համն ու հոտը տարբեր բան է, որուն մասին չեն իսկ մտածած, ժամանակ չունին մտածելու:
Կեանքը սակայն անսովոր չափանիշերով կ’ընթանայ. մէկ կողմէ մարդիկ դիմադրութեան ցոյցի են, միւս կողմէ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը գինիի փառատօնին կը մասնակցի, մինչ զոհուած զինուորներուն մայրերը բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն իրենց զաւակներուն արեան հատուցում պահանջելով:
Հակառակ անսովոր եւ տարբեր չափանիշերուն, բոլորս ալ գերին ենք ժամանակին:
Ինչ լաւ է սակայն, որ մեր ուղեղին կարողութիւններուն մէջ մոռացումն ալ կայ:
Եւ ինչ լաւ է, որ յաճախ կը մոռնանք ժամանակը եւ կ’ապրինք, պարզապէս կ’ապրինք, իւրաքանչիւրս ի՛ր չափանիշերով:
Մարուշ Երամեան