30 Նոյեմբերին Երեւանի Լեւոն Շանթի անուան թիւ 4 հիմնական դպրոցին մէջ հայ մեծանուն գրող, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան հիմնադիր Լեւոն Շանթի դիմաքանդակի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։ Բացման արարողութեան ներկայ էին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան եւ հանրային գործիչ, ՀՅԴ անդամ, խմբագիր, հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեան։ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան։ Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան դպրոցի գրադարանին նուիրեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի կողմէն հրատարակուած գիրքերէն։