Թուրքիոյ իշխող վարչակարգը վերջին ամիսներուն շրջանառութեան մէջ դրաւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հաւանականութիւնը, առանց երաշխիքներ տալու երկրէն իր ուժերը դուրս բերելու գծով:

Թուրքիոյ նախագահին Սուրիոյ նախագահ ալ-Ասատի հետ տեսնուելու անուղղակի առաջարկները նախընտրական իր ծրագիրներուն ծառայեցնելու միտում ունին աւելի քան յարաբերութիւններու կարգաւորման լուրջ քայլի:
Նախընտրական շրջանի քաղաքական նպատակները կը հետապնդեն երկու քայլի իրականցում. Առաջինը՝ սուրիացի գաղթականներուն հարցի լուծումն է, անոնց Սուրիա վերադարձով, իսկ երկրորդը՝ քրտական գործօնին պատրուակով Սուրիոյ սահմանին ապահովական գօտիի ամրագրումն է:
Թուրքիա կը ջանայ միեւնոյն ատեն Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ իրեն ենթակայ զինեալ խմբաւորումները միացնել՝ քրտական գործօնին դէմ զինեալ ընդդիմութեան գործօնը օգտագործելու եւ ապագային նաեւ այդ շրջանին մէջ Սուրիոյ տարածքներէն անջատուող այլ սուրիական մասնիկ մը զարգացնելու հեռանկարով, յար եւ նման քրտականին: Առաջինը սակայն իրեն ենթակայ ըլլալու նախապայմանով բնականաբար:
Թուրքիոյ այս նկրտումները լաւ կ’ըմբռնէ Սուրիոյ պետութիւնը քանի մը նկատառումներով.
Ա) Թուրքիոյ նախագահը հակառակ բազմիցս շեշտելուն Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը, փաստօրէն գործնական ոչ մէկ քայլի կը դիմէ: Թրքական ուժեր դուրս չեն գար սուրիական տարածքներէն ու սուրիական բանակին յանձներ զանոնք, որպէսզի պետութիւնը իր վերահսկողութեան տակ առնէ Սուրիոյ նշեալ շրջանները, միեւնոյն ատեն զսպելով Թուրքիոյ սպառնացող զինեալները: Ի՞նչ ինքնիշխանութեան մասին է Թուրքիոյ նախագահին խօսքը ուրեմն… հարցական կը մնայ:
Բ) Թուրքիա կը շարունակէ զինել իրեն ենթակայ խմբաւորումները Սուրիոյ մէջ, ինչ որ կասկածի տակ կը դնէ անոնց զինումի հեռակայ նպատակները: Մինչ այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման նախապատրաստուող կողմը հարկ է որ դադրի զինելէ սուրիական պետութեան վերահսկողութենէն դուրս գտնուող խմբաւորումները, եթէ կը ձգտի ապահովական գօտի ստեղծել ու զերծ պահել Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը զինեալներէ:
Գ) Թուրքիա կը շարունակէ հրթիռակոծել սուրիական տարածքներ, սպառնալով Սուրիոյ ապահովութեան եւ անտեսելով միջազգային օրէնքները:
Այս բոլորին ի պատասխան սուրիական կողմը խանդավառ չի թուիր ըլլալ, ոչ ալ յարաբերութիւններու կարգաւորման շտապողականութիւն կը ցուցաբերէ: Սուրիա, սակայն, դէմ չէ յարաբերութիւններու կարգաւորման, որովհետեւ Ասթանայի բանակցութիւններու ճամբով իսկ փուլ մը կտրած է երկիրը զինեալներէ ազատագրելու ու պետութեան եւ բանակին վերահսկողութեան տակ առնելու, այսպիսով իսկ քաղաքական երկխօսութիւնը դրական համարելով:
Ռուսիա եւ Իրան իրենց կարգին կը ջանան կարելի դարձնել Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը, շրջանը զերծ պահելու արտաքին այլ խաղացողներու ազդեցութենէն եւ կանխելու տարածաշրջանի լարուածութեան ընդլայնումը: Սուրիական տագնապի ձգձգումը, վերջապէս, իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Իրանի եւ Ռուսիոյ վրայ: Առաջինը զգուշութեամբ կը ջանայ արեւմտեան երկիրներու օրըստօրէ բազմացող սադրանքներուն դէմ դնել, իսկ երկրորդը՝ Ուքրանիոյ պատերազմը կը դիմագրաւէ իր ողջ ուժերով: