…Պիտի լսէր հեռաձայնողը, եթէ պատահէր, որ Ընկեր Ցոլակը քիչ մը հեռու ըլլար հեռաձայնի գործիքէն եւ չկարենար անմիջապէս պատասխանել. հեռաձայնին վրայ արձանագրուած՝ ինքնավստահութիւն բուրող իր խօսքը պիտի թելադրէր, որ պէտք էր պատգամ մը ձգել եւ ինք անպայման կը պատասխանէր շուտով: Իսկապէս ալ, հեռաձայնողը ընդհանրապէս երկար չէր սպասեր, եւ Ընկեր Ցոլակին կատակախառն ձայնը կը հնչէր գիծին միւս ծայրէն:
Յիշատակներու անհատնում գանձեր ունէր Ընկեր Ցոլակը, եւ այդ գանձարանին մէջ անմրցելի տեղ բռնած էին ծանօթներ, ընկերներ, բարեկամներ: Բոլորին հետ ունէր հարազատի վերաբերմունք, անկախ անկէ, թէ ե՞րբ ծանօթացած էր տուեալ անձին հետ: Ու եթէ յիշենք, որ կտրած էր աւելի քան մէկ դարու կեանքի ճանապարհ, գործ-ծանօթութիւն ունեցած էր բիւրաւոր մարդոց հետ, կարելի է հետեւցնել, թէ այդ ծանօթութիւնները ինչպիսի՜ շտեմարանով մը հարստացուցած էին իր կեանքը: Օժտուած էր սուր յիշողութեամբ, այլ գանձ մը՝ որ մշտարթուն էր 100-րդ տարեդարձէն շա՜տ ետք ալ: Ու եթէ պատահէր, որ պէտք էր խօսիլ այս կամ այն ծանօթին կամ ընկերոջ մասին, խօսքը անպայման պիտի համեմուէր անձին կապուած դրուագով մը, որ իսկ պատումը անխուսափելիօրէն պիտի հիւսուէր սրամտութեամբ ու կատակով մը:
Բազում արժանիքներով օժտուած մարդ էր Ընկեր Ցոլակը, եւ առաջին հերթին՝ զուարթախոհութեամբ: Եթէ մէկուն հետ նոր ծանօթացած էր, հնարքը կը գտնէր գիտնալու, թէ ան «ինչացու է», այսինքն՝ ուրկէ՞ եկած է, ո՞ր տեղացի է (ինք հպարտ վանեցի էր), ու քիչ ետք, նորեկին հետ խօսակցութիւնը կը զարգանար այնպիսի՜ մտերմութեամբ մը, որ կարծէք թէ տասնեակ տարիներու բարեկամութիւն ու մտերմութիւն կար իրենց միջեւ:
Արհեստավարժ լուսանկարիչ ըլլալով, լուսանկարչական գործիքը իրեն համար եղած էր անհաշուելի թիւով մարդոց հետ ծանօթանալու եւ անոնց դիմանկարները որսալու անցագիր մը: Պաղտատէն մինչեւ Պէյրութ ու Միացեալ Նահանգներ, անոր ոսպնեակը որսացած էր պետական, զինուորական, կրօնական, քաղաքական, կուսակցական, ազգային եւ, մէկ խօսքով, հանրութեան կեանքին մէջ երեւելի ու քիչ երեւելի մարդոց դէմքերը, մտերմիկ պահերը: Ունէր լուսանկարներու շտեմարան մը, որ իր հարստութեամբ ու բազմազանութեամբ հազուադէպ է հայկական կեանքին մէջ:
Եթէ օրինակ առնեմ անձնական փորձառութիւնս (եւ նման փորձառութիւն ունեցողներուն միակը չեմ անտարակոյս), կը յիշեմ, թէ մեր առաջին հանդիպումը եղաւ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ, աւելի քան 25 տարի առաջ: Իր ժամանումէն առաջ, զրոյցի բռնուած էի Մասիս Արարատեանի հետ, որուն ծանօթ էի տարիներ առաջ, երբ «Ազդակ»ի երգիծանկարիչն էր, իսկ մենք, սկսնակ ուսանողներս, երկչոտ քայլերով կը հաւաքուէինք խմբագրատունը, Մասիսին նայելով այնպէ՛ս, ինչպէս պէտք էր նայիլ… «երգիծանքի Արարատ»-ին: Ընկեր Ցոլակը «Ասպարէզ»-ի խմբագրատունը մտաւ քիչ մը կորաքամակ (80-ի սեմին էր), «ծխական այցելութիւններ» տուաւ խմբագիրներուն եւ անձնակազմի միւս անդամներուն, բոլորին առատօրէն ժպիտ բաշխելով, ապա մօտեցաւ իր խոհակից Մասիսին, որ ծանօթացուց մեզ: Մեր յաջորդ հանդիպումին, քանի մը օր ետք, նոյն վայրին մէջ, մեղմ ժպիտով մը մօտեցաւ եւ՝ «Ըսէ՛ տեսնեմ, հերո՛ս, ուրկէ՞ ես, ծնողներդ ուրկէ՞ են…», եւ նմանօրինակ հարցումներու տարափով մը գրկեց զիս: Ու երբ իմացաւ, թէ ծնողներս այնթապցի էին, ժպիտը աւելի՛ լայնցաւ, որ այնուհետեւ, բազում սրամտութիւններով պիտի ակնարկէր այդ «արժանիք»-իս, պիտի ընէր հազար ու մէկ կատակ, բոլորն ալ ողոքումով պարուրուած: Չեմ յիշեր, թէ իր կատակներուն մէջ վիրաւորական բառ մը եղած է, ընդհակառակն, մինչեւ իսկ ի չգոյէ գովասանքներ պիտի որոնէր ու գտնէ՛ր անպայման:
Յետոյ, օր մը թեւանցուկ՝ զիս բարձրացուց խմբագրատան երկրորդ յարկը (այդ օրերուն, խմբագրատունը Կլենտէյլ էր), նստեցուց դիմացը եւ սեղանին վրայէն վերցուց լուսանկարչական գործիքը, ըսելով որ զիս պիտի նկարէր: Առարկեցի,, ըսելով, որ լուսանկարուիլ չեմ սիրեր, ինք պէտք է ականաւոր մարդիկ նկարէ: Բարեկամ մը փսփսաց, որ պէտք չէ նեղացնեմ Ընկեր Ցոլակը , իսկ ինք կատակելով համոզեց, որ իր ոսպնեակը միայն ականաւոր մարդոց համար չի գործածեր:
* * *
Տարիները սահեցան: Հանդիպումներու վայրը փոխադրուեցաւ Հ.Յ.Դ. կեդրոնական ակումբի շէնքը, ուր բազմաթիւ ընկերներու հետ ինքնեկ ժամադրութիւն մը ունէր ամէն Շաբաթ առաւօտ: Հոն ունէր «մնայուն յաճախորդներ», նաեւ պատահական այցելուներ: Մագնիսականութիւն մը ունէր, որ այդ ժամերուն ակումբի այդ սենեակը կը բերէր իր կատակներուն եւ սրամտութիւններուն կարօտ ընկերները: Այլապէս, «Ասպարէզ»-ի խմբագրատունը կը մնար իր յաճախավայրը: Հոն պէտք էր անցընէր շաբաթամիջի օրերու առաւօտեան քանի մը ժամերը, թերթը կարդար, անսպառ գանձարանէն ժպիտներ բաշխէր օրհնութեան պէս, ապա, կէսօրին պէտք է վերադառնար տուն, Փասատինա, վարելով իր ինքնաշարժը:
Իր պատածները կը վերակենդանացնէին իր այն ծանօթները, որոնք քալած էին իր կեանքի արահետներէն: Մինչեւ իսկ եթէ որոշ անձի մը մասին իր մէկ պատմութիւնը կրկնէր, պատումը կը հիւսուէր նոր զուարթախոհութեամբ մը, անվնաս կսմիթով մը, սակայն նաեւ անուղղակիօրէն ապացուցելով, որ պատմածին մէջ չափազանցութիւն կամ «յաւելուածներ» չկան:
* * *
Ու պատահեցաւ, որ աւելի քան տասը տարի առաջ, զրոյցի մը պահուն, յայտնեց, թէ կը փափաքի իր լուսանկարներու շտեմարանէն ընտրանի մը լոյս ընծայել ալպոմի ձեւով: Խորհրդակցած էր այլ ընկերներու եւ բարեկամներու հետ, գտած էր գործակցելու տրամադիր քանի մը հոգի (ո՜վ պիտի չուզէր գործակցիլ իրեն հետ), կ’ուզէր գործը գլուխ հանել առանց ուշացումի: Ու պատահեցաւ, որ այդ աշխատանքին ներգրաւէ նաեւ զիս: Եւ ահա, ստեղծուեցաւ Ընկեր Ցոլակին հետ աւելի խոր ծանօթութիւն ստեղծելու առիթ մը:
Աշխատանքը երկարեցաւ քանի մը ամիսներու վրայ, ո՛չ թէ որովհետեւ դժուար գործ էր եղածը, այլ որովհետեւ հանդիպումները մեծ մասամբ կը վերածուէին իր անսպառ պատմութիւններուն բաժնեկից դառնալու պահերուը: Բազմահազար լուսանկարներու մէջէն պէտք էր ընտրել հաւաքածոյին մէջ տեղադրուելիքները՝ իր ճշդած նախապատուութեան կարգով: Իւրաքանչիւր դիմանկար ունէր իր պատմութիւնը (թէ ե՞րբ եւ ինչպիսի՞ պայմաններու մէջ որսացած էր զայն), բազում դրուագներ ունէր պատմելիք՝ իր քաղած դէմքերուն մասին, մեծ մասը՝ կատակախառն, սակայն ուրիշներու պարագային, ձայնն իսկ կը մատնէր, թէ ինչպիսի՜ յարգանք ու համակրանք ունեցած է Արշաւիր Շիրակեանի կամ նմաններու հանդէպ…: Ափսոս, որ այդ հանդիպումներուն չենք օգտագործած ձայնագիր սարք մը. այլապէս, պիտի ունենայինք ծանօթ կամ անշքութեան մատնուած բազմաթիւ անձերու մասին իւրայատուկ «Ով է նա» հատոր մը, մանր հանրագիտարան մը:
Կը ցանկար առաջին ալպոմը որբ չձգել, սակայն ատիկա մնաց երազ…
Իր անձն ալ երբեմն «զոհն» էր իր բարի կատակներուն: Իւրայատուկ հպարտութեամբ մը կը պատմէր, թէ ինք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութենէն աւելի տարեց է, որովհետեւ ծնած է այդ տարուան 18 Փետրուարին, յետոյ, կատակով մը կը շարունակէր, թէ Փետրուարեան ապստամբութիւնն ալ տեղի ունեցած էր իր տարեդարձին օրը, որովհետեւ գիտցած են, որ ինք ալ նշանաւոր մարդ պիտի ըլլար…
* * *
Տարիները կը թաւալէին, բարեբախտաբար գանգատելու կամ դժգոհելու անձնական լուրջ պատճառներ չունէր (գոնէ երբեք նման գանգատ չեմ լսած), միակ գանգատը (եւ ահա իր անձը կատակի զոհ դարձնելու դրուագ մը) այն էր, որ հասակակիցները մէկ առ մէկ հեռացած էին այս աշխարհէն, եւ ինք կարօտաբաղձութեան իւրօրինակ ապրումներ կ’ունենար: Յաճախ կը կատակէր ըսելով. «Աստուած զիս մոռցած է. քանի՜-քանի ընկերներ իր քովը տարաւ, ես կը մնամ»: Կատակին կը պատասխանէի նոյն ալիքի կատակով մը, թէ՝ Աստուած մէկը չի մոռնար, սակայն նաեւ չ’ուզեր, որ մէկը իր գործին խառնուի, այլ կ’ուզէ, որ իր կատակներով շարունակէ պայծառացնել մեր տխուր օրերը: Ի սրտէ կը խնդար եւ… կ’անցնէինք «առօրեային մասին» մեր զրոյցին:
Հայաստանն ու Արցախը նստած էին իր էութեան մէջ: Աներեւակայելի հպարտութեամբ եւ խանդաղատանքով կ’ըսէր, թէ Անկախութեան վերահաստատումէն ետք, աւելի քան 20 անգամ այցելած էր հայրենիք, հոն ալ ունէր ծանօթներու եւ բարեկամներու ստուար բազմութիւն մը, որոնց շարքին էին գրողներ, քաղաքական-կուսակցական դէմքեր, սակայն նաեւ հերոս տղաք, ֆիտայիներ եւ հայրենիք պաշտպանողներ: Մանրավէպերը հիմա նոր աշխարհակալութիւն մը տարածած էին իր կեանքին մէջ, եւ այդ բոլորը կը կենսաւորէին զինք, հաւանաբար պատճառներ էին, որ (իր բառերով) Աստուած մոռնայ զինք…:
Վերջին երկու-երեք տարիները զինք ալ մատնեցին պարտադիր բանտարկութեան: Համաճարակը գլխաւոր պատճառն էր, սակայն ոչ՝ միակը: Գլխաւոր մխիթարանքն էր հեռաձայնային զրոյցները՝ ծանօթներու եւ ընկերներու հետ: Պայծառ միտքն ու զուարթախոհութիւնը երբեք չլքեցին զինք, ինք ալ հաւատարմօրէն մնաց զուարթախոհութիւն կրողը:  Աւելի քան երկու տարի առաջ, Արցախի մեծ մասին կորուստը, հազարաւորներու նահատակութիւնը եւ հայրենիքը անկումներու տանող իրադարձութիւնները հարուածներ հասցուցին նա՛եւ իրեն:  Հայութեան կեանքին մէջ ստեղծուած այս ու նմանօրինակ անախորժութիւններ, կորուստներ բացայայտօրէն կը կծկէին նաեւ իր սիրտը, սակայն չէր մոռնար… Ջիւանին:
Դիմագրաւեց առողջական հարցեր, սակայն շնորհիւ իր կորովին եւ կամքին, ըստ բաւականին վերականգնեցաւ: Յետոյ, կորսնցուց կողակիցը (իր բառերով՝ զաւակներուն մայրը), հեռաձայնէն լսուող իր ձայնը սկսած էր աւելի մեղմ ու տկար հնչել, սակայն կատակախառն զրոյցները նահանջ չէին արձանագրեր:
…Հեռաձայնով հաղորդակցելու վերջին մէկ քանի փորձերս մնացին անպատասխան: «Դարձեալ կը փորձեմ»-ս ալ մնաց անպատասխան: Եւ երեկոյ մըն ալ, մեր ծանօթացումին «կնքահայրը» եղող Մասիս Արարատեանը հեռաձայնեց ըսելով. «Ցաւակցութիւն. Ցոլակը…»: Յետոյ կարդացի գոյժը:
Բայց ո՞վ կ’ըսէ, թէ «Դաշնակցական Ցոլակը»՝ Յովսէփեան Ցոլակը մեկնած է: Չէ՞ որ բոլորիս յիշողութեան մէջ կան հազար ու մէկ ժպտաբաշխ դրուագ, չէ՞ որ սրամըտութիւն եւ ջերմութիւն հաղորդող իր ժպիտը կը մնայն մեր մտապատկերին մէջ:
Ս. Մահսերէճեան