Նախքան պատերազմը, երբ Հալէպ քաղաքը խաղաղութիւն կը վայելէր եւ երանելի վիճակի մէջ էր, բազմաթիւ ներքին ձեռնարկներ տեղի կ’ունենային։ Պատահեցաւ որ ներկայ եղայ Ս.Գէորգ եկեղեցւոյ Դպրաց Դասի ճաշկերոյթին։ Մտերմիկ էր մթնոլորտը, անդամական հաւաք էր, եւ ոչ-պաշտօնական հացկերոյթ։ Հաճելի էր հանդիպումը։ Հոգեհարազատ էր ամէն ինչ։ Օրուան թամատան  պերճախօս եւ սրամիտ անձ մըն էր։ Ան իր խօսքին ընթացքին սիրոյ կարեւորութիւնը շեշտելով ըսաւ. «Սէրը ակնոց մըն է, որուն միջոցաւ կարելի է պղինձը ոսկի տեսնել»։ Հետաքրքրական էր մէջբերած առածը, որ երբեք չէի լսած, եւ անգամ մըն ալ չլսեցի, բայց յիշողութեանս մէջ մնաց անջնջելի։ Յաճախ խօսակցութեան ժամանակ երբ նիւթը սիրոյ մասին է՝ կը կրկնեմ այս իմաստալից եւ բարոյալից առածը, երբեմն լսողներ հիացումով կը փափաքին գիտնալ, թէ ո՞վ է այս խօսքին հեղինակը։ Բացայայտ կերպով կ’ըսեմ թէ մինչեւ հիմա անծանօթ է  հեղինակը, բայց անվարան կը յիշեմ թէ ի՞նչ առիթով լսեցի։

Տեսողութեան դժուարութիւն ունեցող մարդիկ բժիշկին խորհուրդին հետեւելով կը ստիպուին ակնոց գործածել։ Ակնոցով կարելի է պըղտոր պատկերները յստակօրէն տեսնել։ Առտու երբ արթննամ շուտով ակնոցս կը փնտռեմ, կարծէք աչքիս անբաժան մասը ըլլար։ Ինծի համար սուրճէն առաջ ակնոցով նոր օրը դիմաւորելն է ցանկալին։
Կը սիրեմ ծայր աստիճան խնամքով գործածել ակնոցս։
Սիրոյ ակնոցին գործածութիւնը ամէն մարդու համար հիմնական պահանջք մը ըլլալու է։ Մեր աչքերով երբեմն խիստ եւ  խորթ կերպով կը դիտենք մեր շրջապատը եւ իբրեւ հետեւանք՝ առանց խորքը թափանցելու կը դատենք, առանց հասկացողութեան սխալ մեկնաբանութիւն կը կատարենք, առանց լսելու՝ անտեղի խօսքեր կ’ըսենք, եսակեդրոն ձեւով մեր շահերը կը հետապնդենք, մեր  անձնականը կը գերադասենք, իսկ ուրիշին ունեցած կարողութիւնը կ’անտեսենք, կ’արհամարհենք եւ նոյնիսկ ոչնչութիւն կը համարենք։ Ասոնց պատճառներէն է սիրոյ ակնոցին բացակայութիւնը։
Սէրը ընտանեկան յարկը կտոր մը դրախտի կը վերածէ: Սէրը ընկերային ծանօթութիւնը  եղբայրական կապի կը դարձնէ… ուրեմն սէրը կեանքին պատկերը գեղեցկացնելու յատկութիւն ունի։
Քրիստոսի սիրով ապրող մարդը տարբեր նայուածքով կ’ապրի, փափկանկատ կերպով կը շարժի եւ սէր սերմանելու կը ձգտի։ Իր ապրելակերպով մշտավառ ճրագ կը հանդիսանայ, աչքերը գուրգուրանքի կարօտ մարդիկը կը փնտռեն, հոգածութեան եւ խնամքի կարիք ունեցողները կը փնտռեն։ Սիրող մարդը խաւարախիտ օրերուն լուսատու մոմ է, անտարբերութեան անապատին մէջ ծաղկուն արմաւենի է, զգացումով վիրաւորուածներուն բարի Սամարացի է, նեղութեան ատեն՝ ցաւակցող, տագնապի ժամանակ՝ օգնութեան փութացող, տխուր պահերուն՝ յոյս ներշնչող եւ ուրախալի առիթներուն մասնակից դարձողն է։
Սիրոյ առաքեալը սիրուելու կրաւորական վիճակէն, նեղմիտ մօտեցումէն, եւ եսակեդրոն ակնկալիքէն հեռու կը մնայ։
Սիրելը իրեն համար վայելուչ կեցուածք է, առաքինութեամբ ապրելու խօսուն օրինակ է, աստուածահաճոյ վարք ու բարքի արձագանգ է եւ Քրիստոսի աշակերտելու վկայութիւնն է։
Սէրէն զուրկ եղողը վատառողջ աչք ունի, այսինքն չի կրնար տեսնել բարին, դրականը, շահեկանը եւ օգտակարը։ Այդպիսին խաղաղութեան ուղիէն կամովին կը հեռանայ եւ արժէքները ճիշդ գնահատելու անկարող կ’ըլլայ։
Սիրոյ ակնոցով կարելի է մարդոց  ձիրքերը տեսնել, շնորհքները նկատել եւ թաքուն կարողութիւնները յայտնաբերել։
Սիրոյ ակնոցով կարելի է խաչին ընդմէջէն Յարութեան պայծառ առաւօտը նկատել եւ պարգեւներուն ճամբով Պարգեւատուին աներեւոյթ ձեռքին մատնահետքերը տեսնել։
Սիրոյ ակնոցով կրնանք բնութեան հրաշալիքներուն Հեղինակին խորհրդաւոր գործերուն ականատեսը ըլլալ։ Սիրոյ ակնոցով մարդ-մարդ յարաբերութիւնը ամօթալի եւ ափսոսալի վիճակին հասցնող մեղքերը կը տեսնենք…։
Մեղքին մասին առիթով մը քարոզիչ քահանայ մը ըսաւ. «Մեղքը միայն աստուածային օրէնքին խախտումը չէ, այլ Աստուծոյ սէրը մերժելու յանդգնութիւնը»։ Իրապէս այդպէս է։
Երբ Տիրոջ սէրը կեդրոնական դեր չունենայ մեր էութեան մէջ, մեղքը տիրական տեղ կ’ունենայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս վերջին ժամանակներուն մասին խօսելով կանուխէն կը յայտնէ հաստատ ճշմարտութիւն մը ըսելով. «Անօրէնութեան բազմանալուն պատճառով շատերուն սէրը պիտի ցամքի» (Մտ 24.12)։ Սէրէն աղքատացածը բարոյական սնանկութեան մէջ է, Աստուծմէ օտարացած մը, որ Սատանային կամքին կը հնազանդի՝ ուրանալով Տէրը եւ մերժելով Անոր անհուն սէրը։
Սիրոյ ակնոցով ապրողը առանց առիթ սպասելու բարիք սերմանելու կը նախաձեռնէ, աստուածասիրութեան մղումով մարդասիրաբար գթառատ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ։
Սիրելը զգացում է բարեպաշտական, ապրում է վաւերական, զոհաբերում է վայելչական, խաչի երթն է յաղթական եւ կոչում է քրիստոնէական։
Սիրոյ վերաբերեալ եզակի գովք հիւսած է Պօղոս առաքեալ  Կորնթացիներուն գրած առաջին նամակի 13-րդ գլխուն մէջ։ Աստուծոյ սիրոյն քաղցրութիւնը ճաշակող, հոգեւոր արթնութեամբ ապրող եւ «Լաւագոյն Ճամբան» ընտրող առաքեալին ոսկեղէն խօսքերը ճշմարիտ սիրոյ հարազատ բացայայտումներն են եւ սիրոյ բարիքները ծանուցող գիւտերն են։ Քրիստոսի սրբաշող ճառագայթումին շնորհիւ յեղաշրջում ապրող եւ անկիւնադարձային փոփոխութիւն ունեցող հաւատքի ախոյեանը սիրոյ  օրհներգութիւնը կը կատարէ, հոգեւոր  մենահամերգ մը, որ մշտապէս լսելի է իր ուշագրաւ խորքով, հոգեգրաւ խօսքերով եւ երկնաբարբառ մեղեդիով։
Սէրը սիրտն է հոգեւոր կեանքին, բանալին է խաղաղութեան, ուսուցումն է Տէրունական, թագն է առաքինութեան եւ գանձն է յաւիտենական։
Ընտանիքներ կը քայքայուին, հարցեր կը ծագին, վէճեր կը շարունակուին, խնդիրներ կը կուտակուին, «հին տետրակներ» կը բացուին եւ հաշտութեան միջնորդներ կը մերժուին…խղճալի տեսարաններ եւ դառն իրականութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ մարդիկ յաճախ սիրելու համար չեն ապրիր, այլ կը վճռեն մնալ այլամերժ, ինքնահաճոյ եւ խստասիրտ։ Կը նախընտրեն «ես»-ի նեղ շրջագիծին մէջ մնալ եւ «մենք»-ի սահմաններէն ներս չթափանցել։
Այսօրուան աշխարհը սէրը ձրիօրէն կը ներկայացնէ, աժան քարոզչութեամբ կը նկարագրէ ու մանաւանդ սիրոյ սրբութիւնը կը պղծէ։
Սէրը շատերուն համար դադրած է արժէք եւ հարստութիւն ըլլալէ, այդպիսիներուն կեանքէն ներս կիրքն է անզուսպը, ցանկութիւնն է իշխողը եւ հաճոյապաշտութիւնն է ինքզինք պարտադրողը։ Միայն աստուածային սիրով սպառազինուածը գիտէ ընտրել հոգեշահը եւ ո՛չ հոգեքանդը, գիտէ մերժել կործանարարը եւ ընդունիլ բարենպաստը։
Աստուածասէրը իր կեանքի տեւողութեան խաչին խորհուրդով կ’ապրի, անձնուրաց հոգիով կը ծառայէ, հաւատարիմ սրտով կ’ապաշխարէ, անկեղծութեամբ եւ պարկեշտութեամբ մարդոց հետ յարաբերութիւն կը մշակէ, ջերմեռանդութեամբ կ’աղօթէ, խորքով կը ներէ եւ ուրիշներուն նկատմամբ համբերութիւն կը ցուցաբերէ։
Ակնոցները չափեր եւ թիւեր ունին, անոնց գոյներն ու տեսակները բազմաթիւ են։ Չեմ գիտեր, սիրելի՛ ընթերցող, թէ ակնոցո՞վ կը կարդաս յօդուածս կամ ոչ, բայց հիմնականը սիրոյ ակնոցն է, որ կրնաս գործածել։ «Աստուած սէր է» (Ա.Յհ 4.8)։ Իսկ մենք աստուածային սիրոյ արտայայտիչները ըլլալու ենք։
Սիրոյ ակնոցը գործածենք, որպէսզի լաւատեսութեամբ, պայծառատեսութեամբ եւ մարդասիրութեամբ ապրինք, այդպիսով մեր Քրիստոնէական կոչումին եւ պատիւին տէր կը կանգնինք։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան