ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան եւրոպական երկիրներ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին 28_30 Նոյեմբերին Պրիւքսէլի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հանդիպումներ ունեցած է պատգամաւորներու, խորհրդարանի Հայաստանի եւ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու անդամներ Ֆրանսուա Ալֆոնսիի, Քոսթաս Մաւրիտեսի, Քլարա Փոնսաթիի եւ Եուոզաս Օլեքասի հետ: Հանդիպումներ տեղի ունեցած են նաեւ Պելճիքայի թագաւորութեան Ծերակուտական Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներ Մարք Թեմեսմայքերի եւ Ալեսիա Քլասի, ինչպէս նաեւ պաշտօնաթող նախարար, ներկայիս Պրիւքսէլի խորհրդարանի պատգամաւոր Ալտա Կրեոլիի հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան արծարծած է Արցախի եւ առհասարակ տարածաշրջանի մէջ Ատրպէյճանի կողմէն 2020_ին սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքներուն հարցը: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը խօսած է Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման եւ ցեղային զտումներու վտանգի մասին, առանձայատուկ կարեւոր համարած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անոր իւրացումը: Իշխանեան անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ներխուժման, յատկապէս Սեպտեմբերի կիսուն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ սանձազերծուած զինուորական յարձակումին:

Դաւիթ Իշխանեան բարձր գնահատած է Արցախի հիմնահարցի մասին արծարծելու պատգամաւորներուն ջանքերը յատկապէս Եւրոխորհրդարանի մէջ, ինչպէս նաեւ Ֆլամանտական, Վալոնական եւ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարաններու մէջ։ Իշխանեան կարեւոր համարած է գործնական քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան իշխանութեան գործադիր մարմինին ուղղորդելու եւ ճնշում գործադրելու, ինչպէս նաեւ հակամարտող կողմերու միջեւ հաւասարութիւն դնելու քաղաքականութեան վերջ տալու ուղղութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան պատգամաւորը կարեւոր համարած է յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը համաեւրոպական մակարդակով, եւրոպական երկիրներու խորհրդարանական ուժերու հետ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանին այցելութիւնը եզրափակուած է Պելճիքայի հայ համայնքի ներկայացուցչական մարմիններու անդամներու հետ հանդիպումով։