Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան աւազանի անունով Եսայի, ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 21 Մարտ 1972-ին:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ: Երկրորդական ուսումը շարունակած է Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Գոլէճին եւ Պուրճ Համմուտի «Շամիլեան Թաթիկեան» Երկրորդական Վարժարանին մէջ:

Մանկութենէն ծառայած է Այնճարի «Ս. Պօղոս» եւ ապա Պուրճ Համմուտի Նոր Ատանայի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցիներուն մէջ 1977-էն-1999, եւ յաջորդաբար ձեռնադրուելով` ստացած է դպրութեան, կիսասարկաւագութան եւ սարկաւագութեան աստիճաններն ու կարգերը: Այդ ծառայութեան կողքին, ան որոշ ժամանակ ստանձնած է նաեւ դպրապետութեան եւ երգեցիկ խումբի ղեկավարութեան պաշտօնները, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Անիկա պատանեկութեան եղած է կրտսեր եւ պատանի, ինչպէս նաեւ` Հ.Մ.Ը.Մ.-ական գայլիկ եւ ապա սկաուտ:
1989-ին մուտք կը գործէ աշխատանքային ասպարէզ եւ շուրջ 10 տարի կը զբաղի ոսկերչական աշխատանքով եւ այդ առումով կ՛ըլլայ նաեւ Լիբանանի Ոսկերիչներու Սենտիքայի անդամ:
Եսայի Սարկաւագը 1999 թուականին կուսակրօնութեան յատուկ կոչում զգալով, աշխարհական կեանքը ետին կը ձգէ եւ մուտք կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք: Հոն համապատասխան կրօնական, աստուածաբանական, հայագիտական, փիլիսոփայական ու հոգեբանական ուսման ժամանակաշրջանը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք` 2001 թուականին Մայիս 20-ին, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի որպէս սերունդ, կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի ու կ՛օծուի ձեռամբ` օրուան Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ` Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեանի, վերակոչուելով` Մակար աբեղայ:
Նոյն տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Սեպտեմբեր ամսուն կը նշանակուի Դպրեվանքի հսկիչ: Հսկիչութեան կողքին Դպրեվանքին մէջ կը վարէ ուսուցչութեան պաշտօն, դասաւանդելով Հին եւ Նոր Կտակարաններու ներածութիւն եւ շարականագիտութիւն: Երկար ժամանակ Դպրեվանքին մէջ կը ստանձնէ մառան-մատակարարապետութեան պաշտօն, ինչպէս նաեւ 10 տարիներ շարունակ կը վարէ Մայրավանքի ընդհանուր Դպրապետութեան պաշտօնը եւ զուգահեռ` Դպրեվանքի տղոց երգչախումբի ղեկավարութիւնը:
2004-ի Յուլիսին Յունաստանի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Խորէն Ծ. Վրդ. (այժմ արքեպիսկոպոս եւ Կիպրոսի Կաթողիկոսական փոխանորդ) Տողրամաճեանի եւ Ազգային իշխանութեան խնդրանքով, յատուկ առաքելութեամբ Վեհափառ Հօր տնօրինումով կ՛ուղարկուի Հիւսիսային Յունաստանի Թեսաղոնիկէ Քաղաքը, ուր կը ստանձնէ տեղւոյն հայ համայնքի հոգեւոր հովւութեան պաշտօնը, մինչեւ 2005-ի Հոկտեմբեր ամիսը:
2005-ի Հոկտեմբերին Վեհափառ Հայրապետի կողմէ վերստին Մայրավանք կը կանչուի ստանձնելու համար Դպրեվանքի փոխ տեսչութեան եւ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախմբի հոգեւոր տեսչութեան պաշտօնները: Այդ միջոցին ան կը շարունակէ դասաւանդել Դպրեվանքին մէջ, դարձեալ ստանձնելով Մայրավանքի Դպրապետութիւնը ինչպէս նաեւ` ներ-վանական այլ պաշտօններ:
2009 թուականի սկիզբը հայր սուրբը կը ներկայացնէ իր վարդապետական աւարտաճառը, նիւթ ունենալով` «Աստուած Մարդ Յարաբերութիւնը Քրիստոսով» Մատթէոսի Աւետարանի բացատրողական մեկնութիւնը: Եւ Մարտ ամսուն, ձեռամբ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմեզեանի, իր օծակիցին` Հոգշ. Տ. Գեղարդ աբղ. Քիւսպէքեանի հետ միասին, կը ստանայ Վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն:

2010 թուականի ամռան կը մեկնի Իտալիա եւ Սարտէնիոյ L’Insitutto D’Euro Meditteraneo-ի մէջ կը հետեւի Vocal Anatomy-ի խտացեալ դասընթաքներու:
2011-ին կը ստանայ լանջախաչ կրելու իրաւունք:

Որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան, մասնակցած է զանազան միջ- կրօնական եւ միջ-եկեցական ժողովներու եւ սեմինարներու, կազմակերպուած թէ՛ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու եւ թէ՛ Համաշխարհային Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ Կիպրոսի, Յունաստանի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Թուրքիոյ, Հռոմի եւ Զուիցերիոյ մէջ: Ան անդամ է Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Աստուածաշնչական Միացեալ Ընկերութիւններու միջեւ համագործակցութեան մնայուն Յանձնաժողովին ինչպէս նաեւ` Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան մնայուն Յանձնաժողովին:
2011 թուականի Յուլիսի 17-ին Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ տեղւոյն Ազգային Իշխանութեան խնդրանքով եւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մակար վարդապետը որպէս Առաջնորդի օգնական կ՛առաքուի Թեհրան: Այնտեղ իրեն վստահուած աշխատանքները նախանձախնդրօրէն կատարելով` կը բարձրանայ առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնին:

2013-ի Դեկտեմբերին կը ներկայացնէ Ծայրագոյն վարդապետութեան աւարտաճառը, նիւթ ունենալով` «Ամենասրբուհի Մարիամ Աստուածածնի Յաւերժ Կուսութիւնը Ըստ Առաջին Հինգ Դարերու Եկեղեցական Հայրերու եւ Մեր Եկեղեցւոյ հասկացողութեան», եւ նոյն ամսուան վերջին կիրակին Վեհափառի օրհնութեամբ եւ հրամանով կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետութեան իշխանութիւն ձեռամբ` Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգիսեանի:
Իսկ չորս ամիսներ ետք, 27 Ապրիլ 2014-ին, Եպիսկոպոսական օծում կը ստանայ ձեռամբ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Եւ այդ թուականէն մինչեւ 2017-ի սեպտեմբեր ամիսը կը վարէ նաեւ Թ.Հ.Թ.-ի Կրօնական Խորհրդի ատենապետութեան պաշտօնը:
Եօթը տարիներ եւ աւելի Թեհրանի Թեմին մէջ ծառայելէ ետք Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով կը վերադառնայ Մայրավանք եւ կը ստանձնէ Մայր Տաճարի լուսարարապետութեան պաշտօնը, առընթեր նաեւ կը դասաւանդէ Հին Կտակարանի ներածութիւն, Հին Կտակարան եւ Կրօնագիտութիւն` Դպրեվանքի ընծայարանական, քահանայից եւ Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած հայագիտական բաժիններուն մէջ:

Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան իր ստանձնած բազմաթիւ պարտականութիւններու եւ պաշտօններու կողքին հաւատարիմ հայ գիրքին եւ ընդհանրապէս գրականութեան, կը շարունակէ կարդալ, ուսումնասիրել, գրել ու թարգմանել: Ան ունի թէ՛ հեղինակային եւ թէ՛ թարգմանական բազմաթիւ աշխատանքներ, որոնցմէ ոմանք 2004 թուականէն ի վեր իբրեւ յօդուածաշարք կը տպուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական «Հասկ» ամսաթերթին մէջ, իսկ ուրիշներ ալ դեռ կը մնան անտիպ: Վեջերս տպուեցաւ իր հեղինակած «Յովհաննէս Առաքեալի Երեք ընդհանրական Նամակները» աշխատասիրութիւնը, արեւելահայերէն, Թեհրան եւ Մեծն Սուրբ Մակարի քարոզները, թարգմանութիւն, Անթիլիաս-Լիբանան: Այժմ կը զբաղեցնէ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչի եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու տեսուչի պաշտօնը: