ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԱՄԻՍԸ՝ «ՇԱՔԱՐԱԽՏԻ ՅԱՏՈՒԿ ԱՄԻՍ»
Ի՞նչ է շաքարախտը
Շաքարախտը արեան մէջ շաքարի յարատեւ բարձր տոկոսն (մակարդակ) է։
Շաքարախտի պատճառը շարոյրի (պանքրիասի) թերացումն է էնսիւլին հորմոնին արտադրման կամ երբ ան բնական չափով էնսիւլին կ’արտադրէ, բայց անօգուտ կ’ըլլայ։
Շաքարախտը ունի 2 տեսակ
1.- Type 1 diabetes (առաջին տեսակի շաքարախտ)
Այս տեսակը կը ճանչցուի մանուկներու շաքարախտ անունով, որովհետեւ ընդհանրապէս ի յայտ կու գայ փոքր տարիքէն եւ հիմնական պատճառը սերնդական կ’ըլլայ։
Այս տեսակի շաքարախտ ունեցողները էնսիւլին կը գործածեն, որովհետեւ շարոյրը չի կրնար արտադրել այդ  հորմոնը բաւարար չափով։
2.- Type 2 diabetes (2-րդ տեսակի շաքարախտ)
Այս տեսակը ընդհանրապէս կը զարգանայ ժամանակի ընթացքին. պատճառները կապուած կ’ըլլան ապրելակերպի, սերնդական գործօնի եւ սնուցումի հետ։ Այս տեսակի շաքարախտով տառապողները ընդհանրապէս էնսիւլին չեն գործածեր, այլ կը գործածեն դեղեր, որոնք կը կարգաւորեն շաքարի տոկոսը արեան մէջ, որովհետեւ այս տեսակին պարագային շարոյրը էնսիւլին հորմոնը կ’արտադրէ, սակայն անբաւարար չափով եւ կամ՝ բաւարար չափով, բայց անօգուտ կ’ըլլայ։
Կայ նաեւ յղութեան ժամանակ յառաջացած շաքարախտը, որ ընդհանրապէս յղութեան ատեն ի յայտ կու գայ եւ կ’անհետանայ ծննդաբերութենէն ետք։
Ի՞նչ է էնսիւլին հորմոնը
Էնսիւլինը հորմոն մըն է, զոր կ’արտադրէ շարոյրը։ Իր պարտականութիւնը արեան մէջ գտնուող կլուքոզ շաքարը առնելն ու օգտագործելն է որպէս մարմնի կենսուժ։
Երբ այս հորմոնի արտադրութեան մէջ թերութիւն ըլլայ, կամ երբ շարոյրը զայն արտադրէ, բայց անբաւարար չափով կամ անօգուտ, այս հիւանդութիւնը կը յառաջանայ։ Այն ժամանակ շաքարի տոկոսը կը բարձրանայ արեան մէջ եւ պատճառ կը դառնայ մարմնին մէջ գտնուող կարգ մը օրկաններուն եւ հիւսուածքներուն գործին ձախողման։
Որքա՞ն է արեան մէջ շաքարի բնական տոկոսը
Արեան մէջ շաքարի բնական տոկոսը ծոմապահութենէն ետք (այսինքն 12 ժամ եւ աւելի չուտելէ ետք) պէտք է ըլլայ 100 մգ/դլ-էն պակաս։
Պատահական տոկոսը, այսինքն ուտելէ ետք, պէտք է ըլլայ 140 մգ/դլ-էն պակաս։
Իսկ կուտակուած շաքարը, որ շաքարի արեան կարմիր գնդիկներու (հիմոկլոպինի) կապակցութեան ցուցարկն է, պէտք է ըլլայ 5,7%-էն պակաս։
Ինչպէ՞ս պէտք է սնանին շաքարախտէ տառապողները
1.- Օրուան ընթացքին ուտել փոքր քանակով, քանի մը անգամ, փոխանակ ուտելու 1 կամ 2 մեծաքանակ ուտեստ։
2.- Խուսափիլ պարզ եւ մեծ քանակով շաքար պարունակող ուտեստեղէնէ, անուշեղէնէ եւ ըմպելիներէ, որովհետեւ անոնք շատ արագօրէն պիտի բարձրացնեն շաքարի տոկոսը արեան մէջ։
3.- Կեդրոնանալ մանրաթելերով հարուստ ուտելիքներու վրայ, օրինակ՝ բարդ ածխաջուրեր, ինչպէս՝ ցաւար, վարսակ, մութ հաց, նաեւ ուտել կանաչեղէն եւ ընդեղէն, ինչպէս՝ ոսպ, սիսեռ, լուբիա եւայլն։
4.- Ուտել քիչ ճարպերով սպիտակուցի աղբիւրներէ, ինչպէս՝ հաւու միս (առանց մորթի), ձուկ, կարմիր միս, հաւկիթ, կաթնեղէն։
5- Ուշադիր ըլլալ կերակուրի պատրաստութեան ձեւին, օրինակ՝ տապկելը փոխարինել խաշելով կամ խորովելով։
6.- Օգտագործել պտղատեսակներ, որոնք կը պարունակեն ցած կամ միջակ քանակով շաքար, (այսինքն արեան մէջ շաքարը կը բարձրացնեն դանդաղօրէն, աստիճանաբար) ինչպէս՝ ելակ, խնձոր, նարինջ եւայլն։
7.- Շաքարը փոխարինել քաղցրացուցիչներով եւ օգտագործել չափաւոր ձեւով։ ինչպէս՝ ասպարդամ, աստիվիա, զիլիդոր, սքարին եւայլն։
8.- Կեդրոնանալ լաւ ճարպեր պարունակող սննդեղէնի վրայ (ուտել չափաւոր եւ օրուան կարիքի համեմատ), օրինակ՝ ձիթապտուղի ձէթ, աւոքատօ, ընկոյզ, նուշ։
9.- Սնանելու ժամերը կարգաւորել եւ ուտել յատուկ ժամերու։
10.- Բաւարար չափով մարզանք ընել։
11.- Առատ ջուր խմել՝ (առնուազն 8 գաւաթ օրական) ջրազրկումէ խուսափելու համար։
12.- Քաֆէին (caffeine) պարունակող ըմպելիները թեթեւցնել եւ կամ խուսափիլ անոնցմէ, որովհետեւ անոնք մարմնին ջրազրկման պատճառ կը դառնան։
(շար.1)
Պատրաստեց՝ Շաղիկ Գաբրիէելան
Սննդագէտ