Ահաւասիկ հինգերորդ տարիս կը բոլորեմ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս: Կարծէք դեռ երէկ էր, երբ խառնաշփոթ վիճակով առաջին անգամ մուտք գործեցի ճեմարանի դարպասէն ներս: Քիչ մը տխուր էի՝ նախակրթարանէն բաժնուելուս հետեւանքով, քիչ մըն ալ ուրախ՝ ուսումնական կեանքի նոր փուլ մը թեւակոխելուս համար: Միտքս զիս կը տանջէր յաճախ հարց տալով, թէ արդեօք ինչպիսի՞ օրեր կը սպասեն մեզի այս նոր դպրոցին մէջ: Հարցումները անպատասխան կը մնային…:
Ճեմարանական կեանքին մասին մեր երէց ընկերներէն շատ բան լսած էինք, հետեւաբար մեծ փափաք ունէինք ապրելու եւ զգալու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ճեմարանական ըլլալ։
Կարճ ժամանակ անց հասկցանք, որ Ճեմարանը դարձած է մեր սրտէն բաժին մը, ուր սկսած ենք ապրիլ մեր կեանքին լաւագոյն տարիները: Ճեմարանը եւ ուսուցչական կազմը շատ մեծ դեր ունեցան նաեւ մեր ձիրքերու բացայայտման մէջ:
Անոնք տեւաբար կը քաջալերէին մեզ՝ հասնելու մեր նպատակին, ներկայացնելու մեր ձիրքերուն լաւագոյնը: Այս գուրգուրանքին վառ ապացոյցն էր ճեմարանականներու յատուկ «Գեղարուեստական Երեկոն», որուն ընթացքին ճեմարանականները իրենց աշխատանքով ու պատրաստութեամբ հանդէս կու գան հանրութեան դիմաց եւ կը ջանան արուեստի տարբեր բնագաւառներուն մէջ իրենց առաջին համարձակ փորձերը հրամցնել:
Հիմա, երբ կը նայիմ անցած հինգ տարիներուն, կը զգամ, թէ ինչքա՜ն արագ սահած են անոնք եւ որքա՜ն լաւ եւ անմոռանալի յիշատակներ ունեցած ենք։
Հիմա կ’ըմբռնեմ, որ այն բոլոր հարցերը, որոնց համար մտահոգուած էինք  եւ պատասխաններ որոնած՝ իրենց լուծումը գտած են արդէն:
Ճեմարանը մեր երկրորդ տունն է, ուր կը ստանանք հայեցի դաստիարակութիւն:
Հպարտ եմ, որ ճեմարանական եմ եւ առիթը ունեցած եմ վայելելու Ճեմարանականի քաղցր կեանքը։
Սեդի Խաչերեան