ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան առաջին փուլի մրցումներուն, Հալէպի Ահլին 91 – 56 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ թալիաան, իսկ Ճալաաը երկու կէտի տարբերութեամբ 79-81 զիջեցաւ Քարամէին: Լաթաքիոյ մէջ Նաուաիրը 76 – 51 արդիւնքով յաղթեց Թիշրինին, իսկ Դամասկոսի Ուահտէն 82 – 52 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հըթթինը:
– Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ քարաթէի  տղոց եւ աղջկանց մրցումներուն աւարտին, Սուրիոյ հաւաքականը յաջողեցաւ ձեռք ձգել 15 մետալներ՝ հինգ ոսկի, հինգ արծաթ եւ հինգ պրոնզ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՖՐԱՆՍԱՆ ԵՂԱՒ ՅԱՋՈՐԴ ՓՈՒԼ ԱՆՑՆՈՂ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ
Համաշխարհային ֆութպոլի երկրորդ փուլի մրցումներու շրջագիծէն ներս, 974 մարզահամալիրին մէջ Ֆրանսայի հաւաքականը 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դանիոյ կազմը: Հանդիպումի 60-րդ վայրկեանին, Քիլիան Մպափէն նշանակեց Ֆրանսայի առաջին կոլը, որմէ ութը վայրկեան ետք Դանիոյ հաւաքականի յարձակողական խաղացող Անտրիաս Քրիսթընսէնը արձանագրեց հաւասարութեան կոլը: 86-րդ վայրկեանին Մպափէն անգամ մը եւս ցնցելով մրցակիցին դարպասը, Ֆրանսայի հաւաքականին նուիրեց նոր յաղթանակ մը, որուն շնորհիւ փոխանցուեցաւ յաջորդ փուլ:
ՔԱԹԱՐ ԵՒ ՔԱՆԱՏԱ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԻՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐԷՆ
Համաշխարհային ֆութպոլի մրցումներու հիւրընկալ երկիրը՝ Քաթարը, 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Սենեկալէն, որուն հետեւանքով ալ  դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Յիշենք, որ բացման հանդիպումին  Քաթար 2 – 0 արդիւնքով զիջեցաւ Էքուատորին: Քաթարեան մամուլը ձախողութեան պատճառը նկատեց խումբի սպանացի մարզիչ  Սանչէզը, որ նախապէս հաւաքականին հետ տիրացած էր Ասիոյ ախոյեանութեան: Ֆութպոլի մասնագէտներ պահանջեցին անոր դադրեցումը:
ՍՊԱՆԻԱ-ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՒԱՍԱՐ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Աշխարհի առաջնութեան խմբային փուլի երկրորդ փուլին մըրցեցան Սպանիոյ եւ Գերմանիոյ հաւաքականները: Մրցումը աւարտին հասաւ 1 – 1 հաւասար արդիւնքով:
40-րդ վայրկեանին, Ռէալ Մատրիտի եւ Գերմանիոյ հաւաքականի խաղացող Անթոնիօ Ռոտիկէրի նշանակած կոլը իրաւարարը VAR-ին վստահելով  չեղեալ նկատեց:  62-րդ վայրկեանին, Պարսելոնայի  պաշտպան Ժորտի Ալպայէ ստանձնած գնդակէն օգտուելով, Ալվարօ Մորաթան արձանագրեց Սպանիոյ կոլը: Գերմանացիները խտացնելով իրենց յարձակումները յաջողեցան 83-րդ վայրկեանին հաւասարեցնել արդիւնքը եւ աշխուժացնել երկրորդ փուլ փոխանցուելու յոյսը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան