«Ազատ Օր»._Հ.Յ.Դ. ­Բիւրոյի անդամ, Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ընկ. Դաւիթ Իշխանեան Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ ժամանեց Աթէնք եւ դիմաւորուեցաւ Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ընկերներուն կողմէ։

Յարգելի ընկերը հանդիպումներու շարք մը պիտի ունենայ յատկապէս յունական քաղաքական շրջանակներուն հետ, որոնց պիտի արծարծէ Արցախի հիմնահարցը եւ ինքնորոշման իրաւունքը, Հայաստանի ու Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակողականութեան ու 44 օրեայ պատերազմի հետեւանքները, ինչպէս նաեւ՝ ներկայ իրավիճակը կովկասեան տարածաշրջանէն ներս։

Շա­բաթ, 3 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, ընկ. Դաւիթ Իշխանեան պիտի ներկայացնէ Արցախի շուրջ վերջին զարգացումները՝ հրապարակային ելոյթին, որ կազմակերպուած է Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի կողմէ եւ տեղի պիտի ունենայ Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ։

Մեր հայրենակիցներու ներկայութիւնը կարեւոր կը նկատուի, լսելու համար զեկուցաբերի ներկայացումը եւ անմիջականօրէն իրազեկ դառնալու Հայաստանի ու Արցախի ներկայ մարտահրաւէրներուն ու դիմագրաւած վտանգներուն։