ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակէն հաղորդած են, որ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի կազմակերպութեամբ՝ 3 Դեկտեմբեր 2022-ին Պրիւքսէլի մէջ իր աշխատանքները սկսած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցած են Եւրոպական Միութեան շուրջ տասը երկիրներու եւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչները։
Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկումի առարկա պիտի դառնայ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող յանձնախումբերու քաղաքական առաջնահերթութիւններն ու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները։
Օրակարգին մէջ ներառուած հարցերը կ’առնչուին եւրոպական երկիրներու մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան, հանրային դիւանագիտութեան գործիքակազմով Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման ու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իւրացումի ճանաչումին վերաբերող հարցեր։