Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի յանձնարարութեամբ, Դամասկոսի մէջ Չինաստանի դեսպանատան յարկէն ներս, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահական հարցերու նախարար Մանսուր Ազզամ ցաւակցութիւն յայտնեց Չինաստանի նախկին նախագահ Ճեանկ Զեմէնի մահուան առիթով։
Նախարար Ազզամ փոխանցեց նախագահ Ասատին Չինաստանի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան ուղղած ցաւակցութիւնները։