Սուրիոյ հանգային հարստութեան նախարար Պասսամ Թաամէ յայտնեց, թէ Յունաստանի մէջ ԱՄՆ-ի ծովուժին կողմէ ամիսներէ պաշարուած քարիւղատարը Պանիասի նաւահանգիստը հասած է արդէն։
Նախարար Թաամէ սուրիական պաշտօնական պատկերասփիւռային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ վերջերս երկրին մէջ տիրող վառելանիւթի տագնապին, ըսելով. «Քարիւղատարի պաշարման հետեւանքով, երկիրը աւելի քան 50 օրէ վառելանիւթի տագնապէ կը տառապի, միակ լուծումը պահեստէն օգտուիլն էր, որպէսզի ժողովուրդին կարիքը ապահովուի»։
Այս առիթով «Ուաթան Անլայն» ստոյգ աղբիւրէ տեղեկացած է, որ Շաբաթ, 3 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամերուն, 700. 000 քարիւղային արտադրութիւններու տակար հասած է Պանիասի Նաւահանգիստ։