Աշխարհը պատմութիւններով լեցուն է, պատմութիւններ, որոնց յաճախ դժուար է հաւատալ, ահա թէ ինչո՛ւ անոնք «պատմութիւն» կը կոչուին, աւելի՝ հեքիաթ, այսինքն անիրական, ոչ իրապաշտ, յոյսով լեցուն եւ յաճախ՝ յուսահատութեամբ:
Կար ժամանակ, երբ հրաշքներ կային. ո՞ւր գացին, ո՞ւր կորսուեցան այդ ամէնօրեայ հրաշքները, որոնք հրաշք չեն, պարզապէս մեր անցեալին քաղցր յուշերն են, մեր անցեալին մոռցուած ցաւերը եւ չմոռցուող ուրախութիւնները, որոնք յաճախ այնքա՜ն փոքր բաներով կը յայտնուին:
Հեքիաթային քաղաք մը կար, հեքիաթային ոչ միայն իր գեղեցկութեամբ, այլ իր բնակիչներով, որոնք ազնիւ էին, աշխատասէր եւ հիւրասէր, կը սիրէին արժանապատիւ կեանքով ապրիլ, թէեւ այնքան ալ հարուստ չըլլային:
Եւ ինչպէս ամէն գեղեցիկ բան, որ քիչերէ կը գնահատուի, բայց շատ շատեր կը նախանձին անոր, այդպէս եղաւ նաեւ այդ հեքիաթային քաղաքին համար, որ նախ ենթարկուեցաւ երկրաշարժի, յետոյ՝ հըրդեհներու, եւ երբ տեսան որ կարելի չէ ծունկի բերել քաղաքն ու բնակիչներուն ազնուութիւնը, պատերազմներ ծագեցան հոն,- կա՞ր ծագեցուցին, կամ ծագեցուեցան բառ,- եւ քաղաքը հիմնայատակ կործանեցին:
Բայց բնակիչներուն էութիւնը կարելի չեղաւ փոխել կամ ի սպառ ջնջել, եւ ճիշդ ատոր համար ալ քաղաքը կրկին անգամ հաստատեց իր հեքիաթային բնոյթը:
Ի՞նչ ուժ էր, որ զանոնք, այդ բնակիչները կը պահէր այդպէս ազնիւ, աշխատասէր եւ արժանապատուութեամբ ապրող. միայն Կաղանդի շրջանի՞ն անոնք այդպէս էին,- որովհետեւ հեքիաթին հերոսներն էին,- թէ՞ միշտ այդպէս եղեր էին, նոյնիսկ ամէնէն տաք օրերուն, կամ ամէնէն անջուր եւ անհաց օրերուն:
Կ’երեւի ա՛յս է պատճառը, այդ հեքիաթային քաղաքին մէջ ապրած ըլլալս է պատճառը, որ շատ կը սիրեմ հեքիաթներ գրել ու կը կարծեմ թէ, եթէ տարին գոնէ մէկ հեքիաթ գրեմ, հեքիաթները կը փրկուին եւ անոնց հաւատացողներուն կասկածը կը չքանայ:
Շատ կան, չէ՞, հեքիաթներ գրուած մեծերու համար: Այդպէս էին Հանս Քրիստիան Անտէրսընի հեքիաթները, այդպէս էին Կրիմ եղբայրներուն հեքիաթները, բոլորն ալ մեծերու համար, իսկ փոքրերուն … շատ անյարմար պիտի ըլլային, մինչեւ որ մէկը կամ մէկեր փոխեցին դէպքերը եւ պատշաճեցուցին զանոնք փոքրերուն:
Հեքիաթները սակայն մեր մէջ են, մանաւանդ՝ Կաղանդի օրերուն. ուրկէ՞ եկած են, մե՞նք դրած ենք այդ հեքիաթները մեր օրերուն մէջ:
Անշո՛ւշտ մենք, առանց անդրադառնալու սակայն:
Հիմա ո՞ւր են անոնք, այդ հեքիաթները:
Մեր աւանդութիւններուն մէջ:
Իսկ աւանդութիւնները երկու տեսակ են՝ ընդհանրականը, որ մեր ազգին, մեր վայրին – այս պարագային Արեւմտահայաստանի աւանդութիւններն են,  իսկ երկրորդը՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին ընտանեկան աւանդութիւնն է, որուն չենք անդրադառնար, բայց որ այնքա՜ն ազդեցութիւն ունեցած է մեր մանկութեան վրայ եւ կը շարունակէ ունենալ մեր զաւակներուն եւ թոռներուն վրայ:
Ծնողքիս տունը փաշա մանղալ մը կար, որ դեր չունէր, պարզապէս անկիւն մը դրուեր-մոռցուեր էր. իր այդ մոռցուած գոյութիւնը շարունակեց նաեւ ի՛մ տանս մէջ. յետոյ զայն ձեղունը հանեցի, ուր աւելի մոռցուեցաւ, մինչեւ որ օր մը որոշեցի վար բերել զայն Կաղանդին ծառին եւ զարդարանքներուն հետ եւ օգտագործել՝ մէջը շիշ մը գինի եւ շուրջը նշեղէնով լեցուն փոքրիկ տոպրակներ դնելով:
Տոպրակները մայրս կարեց-պատրաստեց: Այնքան ընդունելութիւն գտաւ նշեղէնի այդ հսկայ ամանը, որ զաւակներս որոշեցին.
– Տարի մը ե՛ս կը լեցնեմ եւ Լարային տունը կը տանիմ, յաջորդ տարին ի՛նք կը լեցնէ եւ իմ տունս կը բերէ,- ըսաւ Արան:
Յետոյ կեսուրս տեսաւ որ թոռները որքա՜ն կը սիրէին այդ մանղալը, իր ունեցածն ալ տուաւ մեզի: Տղոցս ուրախութիւնը անսահման էր, հիմա երկուքն ալ ունէին իրենց փաշա մանղալները:
Այլ աւանդութիւն-ուրախութիւն մըն էր ծառին զարդերը պատրաստելը, անշուշտ ձեռայիններ ընելով եւ ամէն տարի նորութիւն մը ստեղծելով. այդ նորութեան մէջ զաւակներս ալ դեր ունէին՝ իրե՛նք կը պրպտէին, կ’որոշէին եւ յետոյ միասին կ’իրագործէինք:
Աւանդութիւն էր նաեւ թագաձեւ միսը, որ Կաղանդի մեր սեղանին գլխաւոր տեսակն ու զարդն էր միաժամանակ:
Յետոյ կար Նոր Տարուան առաւօտներուն խաղաղութեան մէջ հանգիստ նստած նէսքաֆէ խմելն  ու … ծայրայեղօրէն գոհ ըլլալը: Նոր Տարին ոչ միայն նոր ծրագիրներ կը բերէր իր հետ, այլեւ մեզ կը պարուրէր իր տաք շունչով,- հակառակ պաղ օդին,- մեր աչքերուն առջեւէն կը տողանցէին մեր օրհնութիւնները եւ կարծես երջանկութիւնը կը թեւածէր տան մէջ, Կաղանդի ծառին շուրջ:
Ճիշդ է, որ այդ բոլորը անցեալ դարձան, բայց անոնց յիշատակը այնքան թարմ մնացած է, որ ամէն Կաղանդի զաւակներս կը փորձեն ստեղծել նոյն այդ մթնոլորտը, ստեղծել իրե՛նց ընտանեկան աւանդութիւնները, իսկ ես կը գոհանամ, յուշերուս մէջ պարուրուած, իրենց կեանքը դիտելով եւ աղօթելով իրենց բարօրութեան համար:
Ամէն տարի Կաղանդի հեքիաթ մը, ուր ոչ թէ կաղանդ պապան մեզմէ իւրաքանչիւրին սրտին փափաքը կը կատարէ,- անշուշտ եթէ հաւատանք իրեն,- այլ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կողքինին սրտին փափաքը կը կատարէ:
Իսկ ի՞նչ կը կարծէք որ ըլլայ մեր սրտին փափաքը …
Դուք չեմ գիտեր թէ ի՛նչ կը կարծէք, ես կը կարծեմ, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի փափաքի ունենալ անկեղծ եւ մտերիմ բարեկամներ եւ համերաշխ ու սիրով լեցուն ընտանիք. ոչ թէ շատ-շատ նուէրներ, այլ համերաշխութիւն, ուր կարելի ըլլայ տարբեր կարծիքներ ունենալ, բայց յարգել զիրար, մնալ բարեկամ, մնալ ընտանիք:
Եւ Կաղանդի այս հեքիաթն ու աւանդութիւնները պատմել ու ապրիլ ամբողջ տարուան ընթացքին:
Մարուշ Երամեան