Եապանճա հուըրսը Քեսապի բարբառով կը նշանակէ օտար հարս։ Չէ՛-չէ՛, ձեր միտքը թող շատ հեռու չերթայ։ Օտար հարս, որ կ’ըսեն այլ համայնքի, կամ այլ յարանուանութեան եւ այլազգի պատկանող հարս չի նշանակեր, այլ կը նշանակէ «ոչ քեսապցի հարս»։ Այլ խօսքով՝ այն հարսերը, որոնք ոչ թէ Քեսապէն կամ Քեսապի տասներեք գիւղերէն, այլ ուրիշ քաղաքներէ կամ գիւղերէ հարս եկած են (Լաթաքիա, Հալէպ, Դամասկոս, Եագուպիէ եւ այլ շրջաններ)։ Անոնք բոլորը «եապանճա հուըրսը» կը կոչուին։
Հետզհետէ «եապանճա հուըրսը»-ն դարձաւ «եապանճօ հուըրս»։ Աւելցնելով ըսեմ, որ նշանակութիւն չունի թէ այդ բոլոր օտար հարսերը որքան երկար ժամանակ կ’ապրին Քեսապ. անոնք ցկեանս «եապանճա հուըրս»-եր կը մնան ու Քեսապի տեղացիութիւնը չեն կրնար ստանալ։
Այդ հարսերը ինչպէ՞ս կրնան տեղացիութիւն ստանալ, երբ Քեսապի, բարբառին տիրապետելը բաւարար չէ, անոր հնչիւնները ճիշդ ձեւով արտասանելն է հնարքը, սկսած «հուըրս»-ը (հարսը) բառէն, անցնելով «հուովը» (հաւը), «շումշուլկւիցով» (գլխի վար եկաւ) եւ «հաւկոյթը» (հաւկիթը) ու դեռ շատ ու շատ բառերով հարուստ բարբառ մը, որուն բառերու ճիշդ հնչիւնները արտասանելը մարդ միայն մօր կաթին հետ կրնայ ըմբռնել, ընկալել ու սորվիլ։ Ու դեռ սորվիլը մէկ կողմ, այդ բարբառը նոր սերունդին փոխանցելու պարտականութիւնը  դիւրին գործ չէ։
Հապա Քեսապի հարուստ խոհանո՞ցը՝ իր համեղ ճաշերով, անուշեղէնով (յատկապէս բախլաւայով) եւ պաշարով։ Այդ բոլորը պատրաստելու արուեստը իմանալն ու կիրարկելը, ապա հաճոյքով ճաշակելը տարբեր բաներ են։ Քեսապի խոհանոցի բուրքի գագաթին վրայ կը բազմին «բիկիէղը» (ձէթով հացը) ու թոնիր հացը չորթանով պատրաստուած կամ «ճֆթով» հացը (ձիթապտուղով) պատրաստուած, որոնց թոնիրներէն բուրած հոտը անդիմադրելի է։ Հապա «թրխանան» (մածունով եփած ու չորցած ցորեն), «քիշքէկը» (գետնախնձորով պատրաստուած քիւֆթա), «թըթւոն գըլօրը» (ոսպով պատրաստուած յատուկ ճաշ) եւ շատ ու շատ ճաշեր։ Այդ բոլոր ճաշերն ու անուշեղէնները յիշելու համար Քեսապի ճաշերու յատուկ հատորի մը կարիքը կը ստեղծուի։ Քեսապի հարուստ խոհանոցի հմտութիւնները ձեռք ձգելը՝ ոչինչ է, այդ բոլորը նոր սերունդին փոխանցելու գործը, սակայն, տարբեր բան է։
Իսկ Քեսապի երգն ու պարը այլ պատմութիւն են։ Քեսապի բարբառին տիրապետելէ ետք, Քեսապի բարբառով երգուած երգերը սորվիլ ու երգել ինքնին հնարք է։ «Կէրմէր ֆսթան հէգէուօծ ի» (կարմիր հագուստ հագած է) եւ անոր խաղիքները եւ «Ամման իշգէն» (աման աղջիկ) ու դեռ շատ-շատ երգեր։ Այս երգերը սորվիլ ու երգելու կողքին, Քեսապի յատուկ պարերը պարելը մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն տարբեր առիթներով։
Երգի ու պարի անբաժանելի մէկ մասնիկն են՝ տհոլն ու զուռնան։ Անոնց ձայնը լսել ու շարունակել նստած մնալը դժուար է։ Սակայն այդ բոլորը սորվիլը՝ ոչինչ. կը մնայ այդ երգերն ու պարերը նոր սերունդին փոխանցելը։
Ու դեռ ինչպէ՞ս իմանալ թէ.
– Հաւերը ձմրան եղանակի նախօրեակէն սկսած «կը փիտըրփըխին» (փետուրները կը փոխեն) ու այդ շրջանին հաւկիթ չեն ածեր։
– «Հէւիրէն կրէճը» Քեսապի բարբառով (գուռ) կը նշանակէ, իսկ «սունտը» (ցորեն ծեծելու քարէ սարք) եւ շատ ու շատ գործիքներ ու առարկաներ։
– Քեսապի բարբառով ըսուած առածները հարկ է հասկնալ ու սորվիլ ։ Օրինակ «հիի նըգըր ըղտէն պռոնկը իննա» (սպասէ մինչեւ ուղտին պռունկը իյնայ)։
Այս բոլորը իմանալը՝ ոչինչ, սակայն այս բոլորը նոր սերունդին փոխանցելը այլ բան է։
Ու դեռ ո՞ր մէկը թուեմ, ո՞ր մէկը զանց առնեմ։ Ամբողջ կեանք մը ինչպէ՞ս կարելի է քանի մը էջի մէջ խտացնել։
Այս բոլորը մէկ նժարի մէջ, հողագործութիւնը այլ նժարի մէջ։ Քեսապցիին գլխաւոր աշխատանքն ու եկամուտի աղբիւրը։ Իւրաքանչիւր եղանակ՝ իրեն յատուկ աշխատանքով բնորոշուած։ Ծառերը յօտել եւ անոր հուրթոտը (ծառերու կտրուած ոստերը) հաւաքել, ծառերը դեղելու աշխատանքը, բերքահաւաքի քաղցր ու սպասուած աշխատանքը եւ անոր յաջորդող խնձորի ու դեղձի դասաւորումը շուկայ ուղարկելու աշխատանքը, ու դեռ շատ ու շատ աշխատանքներ։ Հապա պարտէզի մշակուած բանջարեղէնի տեսակները, որոնք զաւակի մը նման աչքերուդ առջեւ հետզհետէ, պարտէզի ծառերուն նորաբոյս ոստերուն հետ հասակ կ’առնեն ու կը հասուննան։ Չէ՜, մի՛ փորձէք համոզել թէ այդ բանջարեղէնը եւ շուկայէն բերուած բանջարեղէնը նոյն համն ու հոտը ունին։
Տան մէջ, հարուստ հողին բարիքները անթուելի են։ Պարտէզէն լեցուն կողովով վերադարձը, ինչ որ ըլլայ անոր բովանդակութիւնը, ճակտի քրտինքով վաստկած աշխատանքի արդիւնքը, սրտի հրճուանք ու հոգեկան բաւարարութիւն կ’առթեն։
Այդ հրճուանքը պէտք է ապրած ըլլաս, որպէսզի իմանաս, թէ ի՛նչ կը նշանակեն այդ բոլորը։
Ի վերջոյ արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ երբեմն «եապանճա հուըրս»-երը վերոյիշեալ թուարկուածներէն մի քանին սորված ու անոնց վարժուած կ’ըլլան. ճաշերու, անուշեղէնի անուններ աղաւաղուած հնչիւններով, սակայն Քեսապի բարբառով արտասանել, երգել ու պարել, բայց երբեք կարելի չէ այս բոլորը միասին իւրացնել։ Կրկին պէտք է խոստովանիլ, որ կեանքի դպրոցը ու անոր սորվեցուցածը անկրկնելի են։
Հիմա դուք ըսէք՝ եկուոր հարսերը «եապանճա հուըրսը» անուանելը արդա՞ր է, թէ ոչ…։
Նիւթի հեղինակ՝ Մանճիկունց (Մանճիկեաններու) «եապանճա հուըրսը»։
Սեւան Ա. Մանճիկեան