Բերիոյ Հայոց Թեմը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկրորդ մեծ եւ հնագոյն թեմն է։ Անոր պատմութիւնը միահիւսուած է Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ հայերու ներկայութեան, համայնքի կազմաւորման պատմութեան հետ:
Թեմի ազգային, եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ միութենական կեանքը հարուստ պատմութիւն ունի. պատմութիւն, որ յաղթահարած է տարբեր ժամանակաշրջաններու դժուարութիւններ, ունեցած է ծաղկումի հպարտառիթ օրեր եւ երկարած մինչեւ մեր օրերը, պատերազմի ընկճող պայմաններուն դիմացած ու վերականգնումի շեփորը հնչեցնելով վերստին ծաղկելու վճռակամութեամբ լուսաւորուած:
Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբերին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 172-րդ նիստին երեսփոխանները միաձայնութեամբ ընտրեցին թեմի նոր առաջնորդը, յանձին՝ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի:
Թեմի եկեղեցիներու զանգերը ղօղանջեցին աւետելով նոր Առաջնորդին ընտրութիւնը: Հալէպահայութիւնը ցնծումի պահեր ապրեցաւ կրկին:
«Առաջնորդի պաշտօնին կամ կարգին ընտրուիլը խոնարհութեան հրաւէր է: Հոգեւորականին համար աստիճանը, կարգը երբ ծառայութեան համար է, ծառայութիւնը բնականաբար մարդը աւելի խոնարհ կը դարձնէ ու պատասխանատուութեան կը հրաւիրէ», ըսաւ Սրբազան Հայրը իր ընտրութեան առիթով:
Իսկապէս ծառայութիւնը քաղցր լուծ է այդ գիտակցութեամբ աշխատանքի լծուող առաջնորդի մը համար:
Մակար Սրբազան, անցնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի հոգեմտաւոր դարբնոցէն, որպէս առաջնորդի օգնական ծառայելով Թեհրանի Հայոց Թեմին, ապա կրկին Պիքֆայայի դպրեվանքին ծառայելով որպէս ուսուցիչ եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ կիրարկուող «հայագիտական դասընթացքներ»-ու դասախօս, կազմակերպչական եւ մտաւորական պատկառելի իր վաստակը ի սպաս կը դնէ Բերիոյ Հայոց Թեմի ծառայութեան, խոնարհութեամբ ծառայող եւ աշխատանքի պտուղներով միայն խանդավառուող առաջնորդի տիպարը մարմնաւորելով:
Բերիոյ Հայոց պատմական թեմը անկիւնադարձ մը կ’ապրի. անկիւնադարձ մը, որ պայմանաւորուած պիտի ըլլայ վերակազմակերպումի, վերականգնումի ծանր, բայց պատասխանատու աշխատանքներով:
Երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ նոր թափով յառաջանալը իմաստութիւն, համբերութիւն եւ անդուլ աշխատանք կը պահանջէ հաւասարապէս:
Բերիոյ Հայոց Թեմը պատերազմի տարիներու իր ապրած բոլոր դժուարութիւններով մէկտեղ կը շարունակէ մնալ լուսաւոր փարոսը սուրիահայութեան: Յետպատերազմեան շրջանի աշխատանքները, սակայն, դժուարութիւններէ զերծ չեն մնար, պատերազմի տարաբնոյթ հետեւանքները կը շարունակեն ազդել թեմի զաւակներու հոգեմտաւոր կեանքին ու կենցաղին վրայ: Այսուհանդերձ, կը հաւատանք, որ անկիւնադարձային այս փուլը նոր էջ մը պիտի բանայ թեմի կեանքին մէջ. Էջ մը, որուն տողերը միասնակամութեամբ, համախմբուած ճիգերով ու տքնաջան աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ հարստացնել, որպէսզի տիրող ծանր պայմաններուն ազդեցութեան տակ մնալու փոխարէն, այդ պայմաններու յաղթահարման համար ծրագիրներ մշակենք միասնաբար ու կեանքի կոչենք զանոնք:
Շնորհաւորելով նորընտիր Առաջնորդը, բարեյաջող ծառայութիւն կը մաղթենք Մակար Սրբազանին եւ յուսափայլ ու ծաղկուն օրեր Բերիոյ Հայոց Թեմին: