Դասարանին մէջ նստած էինք, դուռը թակելով ներս մտան, ինծի համար դէմքով ծանօթ, հանգամանքով երեք անձեր։
Նպատակով մը եկած էին։ Բաւական հայրենասիրութեան մասին խօսելէ ետք, վերջապէս փոխանցեցին կեանքիս սպասուած երազային լուրը, որ պիտի առաջնորդէր զիս մտնել այն յատուկ դուռը՝ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան շարքեր:
Փոխանցուած լուրը աննախընթաց ուրախութեամբ պատեց հոգիս։ Մանկութեանս, երբ քրոջս հետ կը զրուցէի, ան յաճախ կը պատմէր, որ պատանիները կ’ունենային իրենց տարեկան բանակումը ու անոնց անմոռանալի յուշերը ունկընդրելով բանակումի մասնակցութեան գաղափարը գագաթնակէտին կը հասցնէին։ Բանակումի գաղափարը շլացուցած էր զիս, բայց անդամակցելէս ետք տեսայ, որ պատանեկութիւնը աւելի վեհ նպատակներ եւ գաղափարներ կը հետապնդէ։ Իբրեւ առաջին կարգ եւ նորեկ անդամագրուած պատանի, ամէն ինչ մեծ ու անհասանելի կը թուէր ինծի։ Երբ բարձրագոյն կարգերէն ընկերներ եւ ընկերուհիներ կը դասախօսէին, իրենց գիտելիքներն ու կարողութիւնները կ’ապշեցնէին զիս ու կ’ունենայի այն ցանկութիւնը, որ մենք ալ աւարտական կարգի պատանիներ դառնանք, սորվինք Հայոց պատմութիւնը, յեղափոխութեան պատմութիւնն ու երգերը, ունենանք համարձակ ու ղեկավար ըլլալու կարողութիւնը, ապա մենք ալ մեր հերթին փոխանցենք մեր սորվածները ապագայ սերունդներուն, որպէսզի հայ մարդը եւ հայութիւնը կանգուն մնայ։
Պատանեկան հնգամեայ թանկագին շրջանը անցան ասուպի արագութեամբ եւ արդէն դարձանք այդ ցանկալի աւարտական կարգի պատանիները, իսկ բանակումի մասնակցելու անցեալի մեր փափաքը կը մնայ սովորական, տարիքային փափաք, սակայն անոր հաճոյքը, դաստիարակչական դերը եւ ընկերային մթնոլորտը պատանիներուն սրտերուն մէջ իրենց դրոշմը կը ձգեն։ Պատանեկան Միութիւնը մեր մէջ արթնցուց ազգային եւ հայրենասիրական ոգին, զօրացուց նուիրումի եւ զոհողութեան գաղափարը եւ նպատակս դարձաւ զօրավիգ ըլլալ մեր դատին, հաւատալով ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆին հասնելու մեր նպատակին։
Արինա Պօշկեզէնեան