ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԱՄԻՍԸ՝ 
«ՇԱՔԱՐԱԽՏԻ ՅԱՏՈՒԿ ԱՄԻՍ»
Ի՞նչ պէտք է ընել արեան մէջ շաքարի տոկոսը նուազելու պարագային:
Հետեւիլ 15/15 կանոնին այսինքն՝
1.- Եթէ արեան մէջ շաքարի տոկոսը 50-69 մգ/դլ-է ուտել 15 կրամ պարզ ածխաջուրեր եւ սպասել 15 վայրկեան, եթէ շաքարի տոկոսը 70 մգ/դլ-էն վար մնաց, կրկնել նոյն ձեւը եւ ուտել պարզ ածխաջուրեր, այսինքն շաքարը արագ բարձրացնող ուտելիքներ:
2.- Եթէ արեան մէջ շաքարի տոկոսը 50 մգ/դլ-է, ուտել 30 կրամ պարզ ածխաջուրեր եւ սպասել 15 վայրկեան: Երբ շաքարը բարձրանայ 70-ի ուտել մեծ կամ թեթեւ կերակրաբաժին՝ 1 ժամուան ընթացքին:
6  ՕԳՏԱԿԱՐ ՄԹԵՐՔ՝ ՇԱՔԱՐԱԽՏԷ ՏԱՌԱՊՈՂՆԵՐՈՒՆ 
Շաքարախտի պարագային սխալ է վստահիլ միայն ճիշդ սնունդին. արեան մէջ կլուքոզի մակարդակի արդիւնաւէտ հսկողութեան համար անհրաժեշտ է նաեւ ֆիզիքապէս աշխոյժ ըլլալ եւ օգտագործել բժիշկին կողմէ նշանակուած դեղորայքը: Սակայն շաքարախտի պարագային սննդականոնը եւս կարեւոր է. որոշ մթերքներ կը բարելաւեն հիւանդին վիճակը եւ կ’օգնեն խուսափելու արեան մէջ կլուքոզի մակարդակի մեծ տատանումներէն:
Լուպիա
Լոպազգիները կը բարելաւեն արեան կազմը եւ  կ’աշխուժացնեն ճարպային նիւթափոխանակութիւնը:
Դդումի սերմեր
Դդումի սերմերուն մէջ կան մեծ քանակով մակնիզիում եւ օմեկա-3 ճարպաթթուներ, որոնք կ’արագացնեն «վնասակար» մաղձաճարպի (քոլեստերոլ) եւ աւելորդ շաքարի դուրս բերումը մարմինէն: Հետեւաբար, փափաքելի է դդումի սերմերը աւելցնել ամէնօրեայ սնունդին մէջ՝ չմոռնալով, սակայն, որ անոնք շատ ջերմուժ կը պարունակեն. 100 կրամը մօտաւորապէս՝ 450 ջերմուժ:
Թեփեր ու ամբողջական հացահատիկային մթերքներ
Ցորենի եւ վարսակի թեփերը, ինչպէս նաեւ ամբողջական հացահատիկային մթերքները կը նպաստեն արեան անօթներու՝ մաղձաճարպէն ձերբազատման, ինչպէս նաեւ կը կարգաւորեն կլուքոզի մակարդակը արեան մէջ:
Ընկոյզ
Ընկոյզը մեծաքանակ զինք կը պարունակէ, ինչ որ կը նպաստէ արեան մէջ շաքարի մակարդակին նուազեցման: Ընկոյզը հարուստ է նաեւ ճարպաթթուներով, կրածինով եւ D կենսանիւթով, որոնք կը պայքարին շաքարի բարձրացման դէմ:
Աւոքատօ
Աւոքատոյի օգտագործումը, ըստ մասնագէտներու, կ’օգնէ նուազեցնելու կլուքոզի մակարդակը: Բժիշկները շաքարախտով տառապողներուն խորհուրդ կու տան օգտագործել այս պտուղը առնուազն շաբաթը երկու անգամ:
Կասիա
Plant Foods for Human Nutrition ամսաթերթին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մը համաձայն, կասիան 2-րդ տեսակի շաքարախտ ունեցողներուն օգտակար է:
Ան կ’օգնէ պահպանելու արեան մէջ կլուքոզի մակարդակն ու բարձրացնելու ինսիւլինի նկատմամբ զգայունութիւնը:
Տեղին է նշել, սակայն, որ սնունդի մէջ որեւէ փոփոխութիւն հարկ է կատարել բժիշկին հսկողութեամբ:
(շար.2 եւ վերջ)
Շաղիկ Գաբրիէելան
սննդագէտ