ԱՀԱԶԱՆԳ ՄԸ ԵՒՍ

Աշխարհի մէկ աչքը Քաթար ուղղուած է, մարդիկ հեւ ի հեւ կը հետեւին ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցաշարքին: Աշխարհի միւս աչքը կը պտտի Ուքրանիայէն մինչեւ Սուրիա-Իրաք, Յունաստան-Թուրքիա, Իրան, կը հասնի Ծոցի երկիրներ, ուր Չինաստան նոր նուաճում մը կ’արձանագրէ՝ արաբական աշխարհէն ներս տնտեսական թափանցումի առաջարկներով: Միջանկեալ աչքեր (հա՛, աշխարհը դիտողները միայն երկու աչքանի չեն) կը սեւեռին Եւրոպական խորհրդանին մէջ պայթած գաթակղութեան, Գերմանիոյ մէջ ծայրայեղական խմբակի մը (իբրեւ թէ) պետական յեղաշրջման փորձի բացայայտման եւ… Շարքը երկար է:

Մեր աչքերը, «հայի՛ աչքեր»ը (ականջը խօսի Ամիրխանեանին) այլ պտոյտներ կը կատարեն Հայաստան աշխարհի տարածքին: Ատրպէյճան, քանի մը օրուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, փակած է Լաչինի անցքը, այս անգամ խափանելով նաեւ վառելանիւթի մատակարարման խողովակը (աննախընթաց չէ): Հայաստան տակաւին կը տուայտի ամանորի տօնածառին լուսավառութեան եւ Մանկական Եւրոտեսիլի մրցումին առթած գինովութեան մէջ, մոռցած է 44-օրեայ պատերազմին պատճառած շշմանքն ու ընդարմացումը (եթէ անշուշտ կարելի է նման հաստատում կուլ տալ): Անդին, եւրոպացի դէտերը կը պատրաստուին վերջ տալու իրենց առաքելութեան, որ, չես գիտեր ի՞նչ տրամաբանութեամբ, «յաջող» կ’որակուի Պորէլ կոչեցեալին կողմէ (պէտք է քննութիւն բանալ, ստուգելու՝ թէ Ատրպէյճան արդեօք դարձեա՞լ կաշառելու խաղին դիմած է. եւրոպացիներուն համար սա արդէն սովորութիւն դարձած է, կաշառքը ընդելուզուած է քարիւղի բոյրին հետ): Արցախի նախագահը անորոշ արդիւնքներով վերադարձած է Ֆրանսայէն, իսկ խորհրդարանի նախագահը՝ քաթարեան ֆութպոլային ժամանցէն…

Քաղաքական բեմը փոթորկած է. Լաչինը արդէն հինցո՜ղ տագնապին խորացման նոր ապացոյցը կը բերէ, իշխանութիւնը մէկ նախադասութեամբ կ’ըսէ, թէ կը քննարկէ ստեղծուած վիճակը, Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի փէշերուն կը կառչի (մի՛շտ ուշացած աշակերտի տենդով), ընդդիմադիրները յուշագիր կը հասցնեն ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին, դարձեալ կը պահանջեն Ազգային ժողովի յատուկ նիստ՝ կացութիւնը հակակշռելու եւ թշնամանքին հակադարձելու միջոցներ քննարկելու համար: Ցեղասպանութեան հարցին քննարկման յատկացուած խորհրդաժողովը հազիւ թէ բաւարար չափով կ’օգտագործուի՝ այսօրուան ու անցեալի հրատապ հարցերուն շուրջ գործնական շարժում ստեղծելու համար (ալ ի՞նչ խօսք Հայ Դատին համար դարաւոր պայքար մղած Դաշնակցութիւնը չհրաւիրելու, մարդկային իրաւանց պաշտպանի մը խօսք չտալու եւ այլ «հանճառեղութիւններու» մասին): «Ատրպէյճանի կազմին մէջ պիտի չըլլանք» վճռած Արցախը մատնուած է «գոնէ 9 Նոյեմբերի այսինչ կամ այնինչ կէտը թող յարգեն» խնդրողի, մուրացողի կացութեան: Երկնակամարը կ’իյնայ աւելի եւս խաւարելու վտանգին տակ…

***

            Անցեալ շաբաթավերջին, Ատրպէյճան քանի մը ժամ փակ պահեց Լաչինի անցքը, որ վերաբացուեցաւ ռուս խաղապահներու միջամտութեամբ: Երեքշաբթի օր, ճամբան փակող քանի մը հարիւր «բնապահպաններ»ուն թիւը անցաւ հազարը, բացայայտ դարձաւ, որ մարդիկի վերջնականապէս ամրանալու եկած են, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ըրին Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս ըրին Հայաստանի Սեւ լիճի, Ջերմուկի մօտակայ եւ սահմանային այլ բարձունքներու գրաւումէն ետք: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս կրնան ընել վաղը, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին ապահովման համար…

Եթէ աչք ու ականջ ունեցող մնացած է, պէտք է իմանան ու լսեն, որ Արցախի վերջնական խլման գործողութիւնը սկսած է: Արցախէն հայութեան մնացած փոքր հողաշերտը ամբողջական պաշարման ենթարկուած է (անշուշտ ո՛չ ոք կը ցանկայ, որ վերջնական խլումի մտավախութիւնը իրականանայ). բնական կազի կողքին, արցախցիք զրկուած են սննդամթերքի եւ դեղի պարենաւորումէն, վաղը այլ կտրատումներ ալ կրնան յաջորդել: Ընտանիքներ կը մնան բաժանուած, Լաչինի անցքէն անդին, Շուշիի մօտակայ քանի մը գիւղ մատնուած են պաշարման «ներքին» օղակներու…

Ահա թէ ինչպիսի՜ ապագայ կրնայ ունենալ Արցախը՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, ինչպէս կը փորձէ ինքզինք եւ մեր ժողովուրդը համոզել Երեւանի իշխանութիւնը: Բայց անոր համար ալ ստելը նորութիւն չէ…: Մոռցուած են Նախիջեւանը, Պաքուն եւ հոն պատահած ջարդերը, Ատրպէյճանէն բազմահարիւր հազարաւոր հայերու բռնի գաղթը (Օ՜… ի՜նչ պէտք ունինք նման հին էջեր գրգռելու):

***

            Ատրպէյճանի այս բռնարարքները նորութի՞ւն են, զանոնք նոր ցեղասպանութեան մը նախերգանք որակելը բաւարա՞ր է…

Ո՛չ եւ կրկի՛ն ոչ: Այս բոլոր երկունքները սկիզբ առին ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմով ու անոր հետեւած քայլերով, այլ այն հոլովոյթով, որ հրապարակ եկաւ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» խաբէութեամբ եւ զայն իրականացնողներուն (ու զօրակիցներուն) բանաւոր ու գործնական նախապատրաստութիւններով:

Աւելորդ է կրկնել ցանկը այն բոլոր ձախաւերութիւններուն, որոնք բեմ հանուեցան այսօրուան իշխանաւորներուն կողմէ, հանգրուան առ հանգրուան: Աւելորդ է նաեւ ցանկագրել բոլոր այն ահազանգերը, որոնք կրկին ու կրկին հնչեցին ընդդիմադիր ճակատներէն, որոնք մասնաւորաբար 9 Նոյեմբերի տխրահռչակ համաձայնագիրէն ետք, զգուշացուցին, թէ Ատրպէյճանի ու զայն հովանաւորող Թուրքիոյ վախճանական նպատակը ի՛նչ է: «Մարդիկը համաթուրանական իրենց ծրագիրը կ’իրագործեն» կոչերը սկսան դիտուիլ իբրեւ աւրուած ձայնապնակ-յանկերգ, զանոնք հնչեցնողներուն երեսին շպրտուեցան «մենք պատերազմ չենք ուզեր, խաղաղութեան եւ բարեկամութեան դարաշրջանը պիտի բանանք» չհիմնաւորուած հաւաստիքները, ընդդիմադիրները հրամցուեցան (իբրեւ թէ) պատերազմի համակիրներ, անոնց հրապարակային բողոքի շարժումներուն եւ խորհրդարանին մէջ իշխանաւորներուն արգելակումներուն ի տես, իշխանութեան համակիրներն ու շեփորահարները հրճուանք արտայայտեցին, ժողովուրդին ըսելով, որ այս բոլորը կ’ըլլան՝ որպէսզի «նախկինները իշխանութեան չվերադառնան», եւ կամովին մտային կուրութեան մատնուածներ շարունակեցին պատանդ մնալ նման հոսհոսութիւններու, մինչեւ որ օր մըն ալ իշխանաւորները ստիպուած եղան հաստատել, որ ընդդիմադիրները ճիշդ կ’ըսեն, Ատրպէյճան (եւ Թուրքիա) դաձեալ բարձրացուցած են ցեղասպանի նորակերտ եաթաղանները…

Ընդդիմադիրները կրկնեցին ու կրկնեցին. Գորիս-Կապան մայր ճամբէն պէտք է վանել ազերի թափանցող ուժերը, Քարվաճառը, Բերձորն ու Աղաւնոն պէտք չէ յանձնել: Իշխանաւորները յամառեցան յայտարարել, թէ այդ (եւ հայկական այլ) շրջաններ Ատրպէյճանի պատկանած են, մինչեւ իսկ զանոնք կոչեցին թրքատիպ անուններով: «Եթէ այս ճամբան փակեն, այլընտրանքային ճամբայ կը բանանք», յոխորտացին իշխանաւորները, իրական կեանքը ցոյց տուաւ, որ նման փորձեր անբարեյոյս են: Ընդդիմադիրները թախանձագին աղաչեցին ժողովուրդին, որ չհաւատայ ստապատիր եւ ցնորական հաւաստիքներուն, բանայ աչքերը, արթննայ, գործի անցնի, գործակցի ընդդիմադիրներուն հետ, պահապան դառնայ Արցախին, Հայաստանին, սահմաններո՛ւն: Այս բոլորը բախեցան բազմութեան թերահաւատ ականջներուն, կրկնենք՝ ընդդիմադիրներուն իբրեւ թէ ձախողանքները ծափահարուեցան իշխանութեան յանցակիցներու կողմէ: Ընդդիմադիրները կրկին ու կրկի՛ն փորձեցին Ազգային ժողովը ճամբու հրաւիրել, որպէսզի դատապարտէ Ատրպէյճանի (իմանալ նաեւ՝ Թուրքիոյ) թշնամական քայլերը, իշխանաւորները կրկին ու կրկի՛ն խուսափեցան պատասխանատութենէ, ըսելով, որ դատապարտելով՝ գրգռած պիտի ըլլան Ատրպէյճանը:

Եւ ահա արեւու լոյսին պէս յստակ կը դառնայ (անիկա վաղուց յստակ էր, թող իշխանութեան «կռապաշտները» հիմա ա՛լ բանան աչքերը, եթէ աչք եւ ուղեղ ունին), թէ Ատրպէյճան Հայաստանէն բարի կամ չար տրամադրութեան քայլին չի սպասեր, իր հին-նոր ծրագիրները իրականացնելու համար: Անոր ճաշասեղանին կայ, Արցախի մնացեալ պատառիկէն ետք, Հայաստանի պատառները…

***

Այո՜, հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն կ’ողողեն քաղաքական հրապարակը, ճիշդ ախտաճանաչումներ կը կատարուին քիչ մը ամէն տեղ, իրազեկ քաղաքագէտներ, պատմագէտներ, իմաստուն մարդիկ կը փորձեն բանալ իմաստակներուն աչքերը, սակայն այդ բոլորը բթաչափ մը անգամ ազդեցութիւն չեն ունենար իրական գետնի վրայ: Կրաւորականութիւնը կարծէք թէ մրցումի ելած է անտարբերութեան հետ, «թող ռուսերը ճար մը գտնեն»-ը, «թող Արցախի իշխանութիւնները լեզու գտնեն Ատրպէյճանի հետ»-երը վերածուած են յանկերգի, կը համոզեն միայն… իշխանաւորն ու անոր կոյր համակիրը:

Արցախցին գիտէ, անոր հետ նաեւ՝ բանիմաց եւ հեռատես իւրաքանչիւր հայ (եւ հոս մարգարէական շնորհներով օժտուած ըլլալու պէտք չկայ), թէ Լաչինի ճամբան փակելով՝ Ատրպէյճան կ’աշխատի վերջնականապէս խեղդել Արցախի մնացեալ մասը, ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով հարկադրել ժողովուրդին, որ լքէ իր բնակավայրերը (ինչպէս ըրին Քարվաճառի, Բերձորի եւ այլ «նուիրուած» աւաններու բնակիչները), հեռանայ, կամ… ընդունի ջարդուիլ: Ատրպէյճան վստահ է, որ աշխարհը դարձեալ խուլ ու կոյր պիտի մնայ (չէ՞ որ աչքերը զբաղած են շա՜տ բաներով), Հայաստանի իշխանութիւնը պիտի յամառի գործնական քայլ չառնել, մնացեալն ալ պիտի մնան խօսքի սահմաններուն մէջ:

***

            …Մինչդեռ, հրամայական է ՄԻԱՑՆԵԼ ԲՈԼՈՐ ՁԵՌՔԵՐԸ, գործի լծել քաղաքական, պաշտպանական, դիւանագիտական, մտաւորական բոլոր կարողականութիւնները, մինչեւ իսկ մտածել այնպիսի ընտրանքներու մասին, որոնց ճամբով վտանգի տակ դրուին ազդեցիկ կողմերու շահակցական հաշիւները:

Դեռ քանի՞ փաստի պէտք ունինք, տեսնելու՝ որ իշխանութիւնը ձեռքերը լուացած է Արցախէն, իր անգործութիւնը կը փորձէ արդարացնել՝ սա կամ նա յանցաւոր հռչակելով, մոռցած է եւ կ’ուզէ որ բոլորս ալ մոռնանք, թէ մեր սպասողական եւ կրաւորական դիրքին դիմաց, այլք պիտի գան ու պաշտպանեն մեր իրաւունքն ու շահը: Եթէ կ’ուզենք, որ մէկը զօրակից եւ նեցուկ կանգնի մեր հողին ու դատին, մե՛նք պիտի ըլլանք յառաջամարտիկը, ինչպէս ըրինք… Արցախեան առաջին պատերազմին:

Դարաւոր երգի մը բառերը կ’ըսեն. Օտարէն մեզ ֆայտա չկայ, ելի՛ր, սազէ՛ քո թիֆանք…: Այսօր ալ կրնանք ըսել՝ ինքզինք ամէն օր հակասող եւ ստապատիր ընթացքին մէջ յամառող իշխանաւորներէն ֆայտա չկայ, հետեւաբար, հայը, Արցախէն մինչեւ Հայաստան եւ Սփիւռքի չորս ծագերը, կոչուած է սազելու ի՛ր թիֆանքները, որոնք կը կոչուին քաղաքական, դիւանագիտական ասպարէզներ, ժողովրդային համընդհանուր շարժում: Կոչուած ենք մեկդի դնելու «անզօր դարձած ենք, բան մը չենք կրնար ընել» եւ նման՝ ներմուծուած մտածումներ եւ յիշել, որ մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալին, բազմիցս մղած ենք անհաւասար կռիւներ, սակայն յաղթանակներդ ապահոված ենք՝ վստահելով հայուն արդարատենչ բազուկներուն: Վերջապէս, չմոռնանք, որ մե՛րն է նաեւ միւս երգը. «Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ, արդէն ժամանակն է…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

13 Դեկտեմբեր 2022