ԻՆՉՊԷ՞Ս ԶԱՐԴԱՐԵԼ ՄԵՐ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ 2023-Ի ԱՄԱՆՈՐԻՆ
Ի՞նչպէս զարդարել մեր բնակարանը, ի՞նչպիսի հագուստ ընտրել Ամանորի հետաքրքրական երեկոյին համար.այս ամէնը բնականաբար մեր հոգին վառ զգացումներով կը հարստացնէ:
2023-ի Տօնական Սեղանի Զարդարանքն Ու Գոյները
 31 Դեկտեմբերի գիշերը սեղանը թելադրելի է յարդարել գունաւոր պնակներով, իսկ մասնագէտներ կ’առաջարկեն երկու հիմնական ուղղութիւններ.
-Առաջինը՝ դասական ոսկեգոյն- կարմիր գոյներու համակարգն է՝ կանաչի լրացումներով:
-Երկրորդ ծանօթ տարբերակը՝ կապոյտի, բաց կապոյտի եւ սպիտակի համադրութիւնն է, անշուշտ արծաթագոյն փայլքի երանգներով՝ առ ի յիշեցում Նոր Տարուան գիշերուան տօնական մթնոլորտին:
Այդ կապոյտն ու բաց կապոյտը կը համապատասխանեն ջրային նապաստակի գոյնին,  որ այս տարուան խորհրդանիշն է:
Ինչպէ՞ս Յիշատակել Նոր Տարին
Ամանորին պէտք է նախապատրաստուիլ լաւ տրամադրութեամբ, շրջանցել դժուարութիւններն ու լաւատեսութեամբ լեցուիլ, ամենակարեւորը համախմբուիլ հարազատներու եւ սիրելիներու հետ: Ամանորին հարկ է ըլլալ ներողամիտ, մոռնալ վէճերն ու քինախնդիր չըլլալ:
Ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ միասին կազմակերպեցէ՛ք տօնի նախապատրաստական աշխատանքները. սա կը նպաստէ ընտանիքի անդամներուն մերձեցման եւ ուրախ մթնոլորտի նախապատրաստման: Մեծ գումար մսխելը պայման չէ գեղեցկութիւն եւ ջերմութիւն բերելու ձեր տան: Օգտագործեցէ՛ք պարզ զարդեր, սեղանը յարդարեցէ՛ք ձեռային աշխատանքով, ձեր հագուստները թող ըլլան պարզ ու գեղեցիկ: Ձեր ժպիտն ու սէրը գեղեցկագոյն ձեւով պիտի զարդարեն ձեր բնակարանը:
2023-ը, ըստ աստղագուշակներու, աւելի հանգիստ ու երջանկաբեր տարի մը ըլլալ կը թուի:
Ի՞նչ Կը Բերէ Սեւ ջրային Նապաստակի Տարին
Նապաստակի տարին չորրորդն է չինական կենդանակերպի 12-ամեայ շրջագիծին մէջ եւ կը համարուի ամենաերջանիկը արեւելեան օրացոյցին մէջ:
Ճագարը յաջողութիւն կը բերէ  նաեւ բնակարանային հարցերու լուծման: Տարին բարենպաստ է ճամբորդութիւններու համար: Ճագարը շարժուն կենդանի է, ուստի աշխատանքի նոր առիթներ ու կարելիութիւններ կրնայ ստեղծուիլ աշխատասէր ու հնարամիտ մարդոց համար:
Եղէ՛ք լաւատես, մաքրեցէ՛ք ձեր հոգին, պայծառ դարձուցէ՛ք ձեր միտքը ու պիտի տեսնէք, թէ տարին ինչպէ՛ս պիտի ժպտի ձեզի:
***
Բանաստեղծական անկիւն
———————————–
ԿԱՂԱՆԴԻ ԳԻՇԵՐ
                 Զահրատ
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու,
Ի վերջոյ նորէն այդպէս ըլլալու-
Տօնն է այս գիշեր……
Լոյսեր վառեցէք – եթէ չի բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր լոյսը ներքին-
Տօն է այս գիշեր…
Պահ մը ամէն ինչ վերջացնելու
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու-
Տօնն է այս գիշեր…
Յոյսեր վառեցէք – եթէ չեն բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր յոյսերը հին-
Տօն է այս գիշեր…
Երգել փորձեցէք – եթէ չէք մոռցեր
Խանդոտ երգերը ձեր պարմանութեան-
Տօն է այս գիշեր…
Զուր տեղ վատնուած օրերն յիշելու-
Գոյութեան տխուր հաշուեկշիռին
Տօնն է այս գիշեր…
Լոյսեր ու յոյսեր վառեցէք գոյն գոյն,
Երգեր երգեցէք հինէն ու նորէն-
Տօ՛ն է այս գիշեր…
Գոյատեւելո՛ւ տօնն է այս գիշեր…