ԱՐԺԱՆԹԻՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԿԸ ԽԱՂԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԻՍԱԵԶՐԱՓԱԿԻՉԻՆ
Աշխարհի առաջնութեան քառորդ եզրափակիչի երկրորդ խաղին, Ամերիկայի գաւաթակիր Արժանթինի հաւաքականը մրցակից ունեցաւ Հոլանտան: Հիմնական ժամանակը աւարտին հասաւ 2 – 2 հաւասարութեամբ, եւ խումբերը դարձեալ դիմեցին 11 մեթրի հարուածներուն: 35-րդ վայրկեանին ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանի 35-ամեայ  յարձակող Լիոնէլ Մեսիի փոխանցումէն օգտուելով խաղի կոլերուն բացումը կատարեց  Նաուէլ Մոլինան: 73-րդ վայրկեանին Լիոնէլ Մեսսին տուգանային հարուածով կրկնապատկեց Արժանթինի արդիւնքը : Մեսսին աշխարհի առաջնութիւններուն նշանակեց իր  10-րդ կոլը եւ հաւասարեցաւ Պաթիսթութային: Հոլանտացիները  տարբերութիւնը կրճատեցին 83-րդ վայրկեանին։  Աւելցուած 11-րդ վայրկեանին էլ Վոգհորստը տուգանայինի խաղարկումէն օգտուելով նշանակեց հաւասարութեան կոլը, եւ խումբերը դիմեցին յաւելեալ ժամանակի խաղարկութեան որմէ ետք դիմեցին հեռաւոր հարուածներուն եւ հանդիպումը իր աւարտին հասաւ ի նպաստ Արժանթինին 4 – 3 արդիւնքով:
ՓՈՐԹՈՒԿԱԼ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ ՄԱՐԶԻՉԻՆ ՍԽԱԼՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ
Աշխարհի առաջնութեան քառորդ եզրափակիչի երրորդ խաղին, Մարոք 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փորթուկալը: Հանդիպումի տեւողութեան  Մարոք միայն երեք առիթներով կրցաւ հասնիլ Փորթուկալի դարպասին, որոնցմէ մէկէն օգտուելով նշանակեց իր յաղթանակի միակ կոլը, իսկ մնացեալ ժամանակը վստահեցաւ պաշտպանողական խաղարկութեան:
Փորթուկալի հաւաքականի աւագ Քրիստիանօ Ռոնալտօ երկրորդ անգամ ըլլալով մնաց  պահեստայիններու կազմին մէջ եւ մուտք գործեց դաշտ երկրորդ կիսախաղին: Նշենք թէ մրցումէն ետք, փորթուկալցիները ձախողութեան պատճառը նկատեցին հաւաքականին մարզիչը, եւ պահանջեցին անոր հեռացումը:
ԱՆԳԼԻԱ ԴԱՐՁԱՒ 1 / 4 ՓՈՒԼԻ ՎԵՐՋԻՆ ԶՈՀԸ
Աշխարհի առաջնութեան քառորդ եզրափակիչի վերջին զոհը դարձաւ Անգլիան՝ 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնուելով աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայէն: 17-րդ վայրկեանին  Օրելիէն Չուամենին  հեռաւոր հարուածով մը ցնցեց Անգլիոյ դարպասը:54-րդ վայրկեանին Թոթենհամի խաղացող Հէրի Քէյնը տուգանային հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը, որմէ 13 վայրկեան ետք ֆրանսացիները անգամ մը եւս կրցան տիրապետել արդիւնքին՝ շնորհիւ Օլիվէր Ժիրուին: 84-րդ վայրկեանին VAR-ին հիմնուելով  դարձեալ տուգանային հարուած մը տրամադրուեցաւ Անգլիոյ կազմին սակայն Քէյն ձախողեցաւ իրագործել սոյն հարուածը եւ յաղթանակը մնաց Ֆրանսային:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան