ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակէն հաղորդած են, որ 15 Դեկտեմբերին ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցի ներկայացուցիչները հեռավար աշխատանքային հանդիպում ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեանի, պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Պեգլարեանի եւ Ազգային Խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանին հետ։ Հանդիպումին մասնակցած են ՀՅԴ Հայ Դատի համակարգի շուրջ 60 ներկայացուցիչներ աւելի քան 25 երկիրներէն՝ Հայ Դատի Ամերիկայի, Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի, Քանատայի, Աւստրալիոյ ու Հարաւային Ամերիկայի տարածաշրջանային գրասենեակներու պատասխանատուները։
Առցանց հանդիպումի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան ներկայացուցիչները եւ ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անդրադարձած են ատրպէյճանական հերթական յարձակումին հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած անվտանգային և ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, Արցախի շուրջ ստեղծուած արտաքին քաղաքական միջավայրին եւ իրավիճակի յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն։

ՀՅԴ Հայ Դատի համակարգի ներկայացուցիչները ներկայացուցած են նախընթաց օրերուն ձեռնարկուած գործողութիւնները, աշխատանքի հիմնական ուղղութիւններն ու առկայ ձեռքբերումները։ Միտքեր փոխանակուած են ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու կողմէն յառաջիկային ձեռնարկուող միջոցառումներուն եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններուն մասին՝ Արցախի նկատմամբ միջազգային զօրակցութեան ապահովման, ատրպէյճանական շարունակական ոտնձգութիւններու կանխարգիլման, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային շահերու պաշտպանութիւն ուղղութիւններով։