Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը դէպի արտաքին աշխարհ կապող միջանցքի փակման եւ Արցախը մարդասիրական նոր աղէտի առջեւ յայտնուելուն պատճառով, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ ուղարկեց Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին եւ երեսփոխաններուն, պահանջելով անմիջական միջամտութիւն եւ միջազգային քայլերու կիրարկում՝ կանխելու համար Արցախի ժողովուրդին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղասպանական քաղաքա­կանութեան վտանգը։

Նամակին մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուի։

Պատրուակ ունենալով բնապահպանական պատճառաբանութիւններ, Ատրպէյճանէն խումբ մը մարդիկ փակ կը պահեն փրկութեան գիծը — միակ ճամբան — որ Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղը) կը կապէ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Ատրպէյճանցիներու կողմէ նմանատիպ այս երկրորդ փորձն է 9 օրուան ընթացքին, որ պատճառ դարձած է 120.000 տեղացի հայերու լրիւ արգելափակման, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հայերու ճամբուն մէջտեղ լքման, ձմռան ծանր եղանակին։

Ատրպէյճան անգամ մը եւս կը խախտէ 9 Նոյեմբեր 2020-ի հրադադարի եռակողմ համաձայնութիւնը, որով պարտականութիւն կը ստանձնէր երաշխաւորելու բնակչութեան, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու երկու ուղղութիւններով ապահով երթեւեկը Լաչինի միջանցքով։

Եթէ այս գրգռիչ քայլը կանգ չառնէ, Ատրպէյճան մարդասիրական աղէտ պիտի պատճառէ եւ պիտի ականահարէ տարածաշրջանի փխրուն խաղաղութիւնը։ Վերջին երկու տարիներուն, Ատրպէյճան կը փորձէ ցեղային բնաջնջման ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ ժողովուրդը, գործադրելով զանազան միջոցներ, որոնց կարգին՝ ռազմական գրգռութիւններ, սարսափի մթնոլորտի ստեղծում եւ հոգեբանական ահաբեկչութեան կիրարկում։ Վերջին գրգռութիւնը բացայայտօրէն մաս կը կազմէ այդ քաղաքականութեան։

Միջազգային ընտանիքը ստիպուած է յստակ տեսնել Ատրպէյճանի շնական արարքները։

Կոչ կ՚ուղղենք Ձեզ՝ սատարելու այս ջանքերուն, պահանջելով Ձեզմէ՝

— Անմիջական երկարաձգում Եւրոպական միութեան դիտորդներու առաքելութեան, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու թիւի յաւելում,
— Դիւանագիտական եւ տնտեսական սեղմումներու կիրարկում, նաեւ անձնական պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հարստութիւններուն հանդէպ,
— Ատրպէյճանէն բնական կազի եւ քարիւղի ներածման արգիլում:
— Շօշափելի գործիքակազմերու ստեղծում Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ ժողովուրդի պահպանութեան համար՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումով եւ մարդասիրական գրասենեակի հաստատումով երկրէն ներս։
Յայտնենք, թէ վերոգրեալ բոլոր կէտերը յաջորդաբար ընդունուած են Ֆրանսայի Ծերակոյտին եւ Ազգային ժողովին կողմէ 15 եւ 30 Նոյեմբեր 2022-ին։
Ձեր վրայ կը յենուինք կանխելու համար Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը ընդդէմ բնիկ հայ ժողովուրդին։

Յարգանքով,
Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբ