Ատրպէյճան պէտք է դադրեցնէ Լաչինի միջանցքի փակումը, որ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան է: Այս մասին յայտարարած է «Ֆրիտըմ Հաուս» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով վերահաստատելու իր աջակցութիւնը առանց հարկադրանքի բանակցութիւններուն:
«Մեզ կ’անհանգստացնեն այն տեղեկութիւնները, թէ Ատրպէյճան կրկին դադրեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի կազի մատակարարումը: «Ֆրիտըմ Հաուս»-ը Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ուղղէ՝ վերականգնելու շրջանի բնակիչներուն կազի անխափան մատակարարումը: Ի վերջոյ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երկիրները եւ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կողմերը կը յորդորենք անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը՝ ներառեալ տեղաշարժի ազատութիւնը, ապահովելու համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: