«Արմէնփրէս»._Միջազգային իրաւական հարցերու ՀՀ ներկայացուցիչի գրասենեակէն յայտնած են, որ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը (ՄԻԵԴ) բաւարարած է Հայաստանին ներկայացուցած պահանջը եւ միջանկեալ միջոցներ կիրառած է Ատրպէյճանին դէմ:

«Քիչ առաջ Եւրոպական դատարանը բաւարարեց Հայաստանին ներկայացուցած պահանջը եւ միջանկեալ միջոցներ կիրառեց Ատրպէյճանին նկատմամբ:Մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացուն աւելի ուշ», յայտնած են գրասենեակէն։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանը ՄԻԵԴ դիմած էր Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքը շրջափակելու համար: