2022-ը Սուրիոյ մէջ  յատկանշուեցաւ տնտեսական թաւալգլոր անկումով ու կենցաղային ծանր պայմաններով:
«Գանձասար» երբ պատերազմի պայմաններուն մէջ անգամ կը հրատարակուէր գունաւոր տպագրութեամբ, անցնող երկու տարիներուն սկսաւ հրատարակուիլ սեւ-ճերմակ տպագրութեամբ, որովհետեւ տպագրական ծախսերը տասնապատկուեցան ու երկրին մէջ նոյնիսկ պետական շարք մը թերթերու տպագրութիւնը դադրեցաւ անգամ:
Փորձեցինք մեր կարելին ընել որ առցանց հրատարակութեան կողքին, թէկուզ նուազ թիւով, պահենք թերթին տպագիր տարբերակը՝ նկատի ունենալով անոր պահանջը:
Թէեւ երկրի ծանր պայմանները ազդեցին աշխատակիցներու աշխոյժ թափին վրայ, օրապահիկի ապահովումը դարձաւ Սուրիոյ բնակչութեան հիմնական մտահոգութիւնը՝ նկատի ունենալով  անտրամաբանականօրէն մագլցող սղաճը եւ սահմանափակ  եկամուտները, սակայն ի պատիւ մեր մնայուն, նուիրեալ աշխատակիցներուն, երիտասարդ լրագրողներուն ու խմբագրակազմի ժրաջան անդամներուն, թերթի հրատարակութիւնը շարունակուեցաւ նոյն թափով՝ հակառակ վառելանիւթի տագնապին, ելեկտրականութեան երկարատեւ անջատումներուն եւ համացանցի տատամսոտ ընթացքին:
Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման եռօրեայ սեմինարը, որ կազմակերպուեցաւ Քեսապի մէջ, նպաստեց երիտասարդ տարրին լրագրական եւ հրապարակագրական հետաքրքրութեան աճին ու գիտելիքներու հարստացման: Այդուամենայնիւ, անհրաժեշտ է մղել այս տարրը լրագրութեան ասպարէզի տարբեր ոլորտներ, որպէսզի գիտելիքներուն կողքին փորձառութիւն ձեռք բերեն, աստիճանաբար զարգացնեն իրենց գրիչը, արտայայտուելու յանդգնութիւնն ու առարկայականութիւնը:
Համոզուած ենք, որ մամլոյ դաշտը կը հետաքրքրէ երիտասարդութիւնը: Հետաքրքրութենէն անդին, թերթին աշխատակցութիւնը կը բարելաւէ անոնց լեզուն, կը զարգացնէ միտքն ու գրիչը, բայց մանաւանդ հայաշխարհին նայող անծայրածիր պատուհան մը կը բանայ անոնց դիմաց:
Ուստի շարունակական ծրագիրներով կարելի կը դառնայ որակաւոր եւ ընդունակ կորիզի մը պատրաստութիւնը «Գանձասար»-ին շուրջ:
Այս աշխատանքը կարեւոր է  յատկապէս նկատի ունենալով երկրէն հեռացող երիտասարդութեան համեմատութիւնը: Փորձառութիւն շահողը շրջան մը վերջ կը մեկնի ու կու գայ նորը: Եթէ չպատրաստուի նորը, յառաջիկայ տարիներուն կրնանք տագնապի առջեւ յայտնուիլ, եւ այս երեւոյթը կը վերաբերի ոչ միայն մամլոյ, այլեւ բոլոր մարզերուն:
Սուրիահայ համայնքի վերականգնումի մասին յաճախ կ’արտայայտուինք: Վերականգնումը, սակայն, կը պահանջէ արձանագրուող թերութիւններու յանդուգն մատնանշումներ, սրբագրումի առաջարկներ ու լուծումներ: Վերականգնումը միայն շէնքեր կառուցելով իր նպատակին չի ծառայեր: Անհրաժեշտ է ազգային ու միութենական կեանքի տարբեր ոլորտներու զարգացման նպաստող նոր մտածողութիւն, կաղապարուած միտքերէ, կրկնաբանութիւններէ ձերբազատում:
Այս բոլորը կրնան իրականանալ երբ քննական ակնոցով կը դիտենք մեր առօրեան ու սրբագրելու առաջարկներ կը ներկայացնենք նաեւ մամլոյ ճամբով:
Ուստի թերթը դարձնենք այս քննարկումներուն ազատ բեմը ու Նոր Տարին թեւակոխենք լայնօրէն բանալով դուռը երիտասարդ գրիչներու նոր խօսքին դիմաց:
«Գանձասար» այս տարի կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը: Թերթի հիմնադիրները այս յանդուգն քայլին դիմեցին ազգային ու համայնքային մեր կեանքը հարստացնելու մամլոյ շուրջ համախմբուող մտաւորականներով, միտք ու մտաղութիւն ձեւաւորելու մամլոյ ճամբով ու թերթը դարձնելու սուրիահայութեան ազգային, թեմական ու միութենական կեանքի հայելին:
Դժուար օրեր կը դիմագրաւենք Սուրիոյ մէջ, սակայն յանձնառու ենք պահելու 30-տարուան անխափան երթը «Գանձասար»-ին, որովհետեւ կը հաւատանք, որ թերթը համայնքին բաբախող սիրտն է:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ: