Տարեվերջը մօտեցաւ։ Մեր մանկութեան օրերուն կը կարծէինք թէ կեանքը երկա՜ր ժամանակահատուած է։ Բայց կեանքի փորձառութեան շնորհիւ եւ յետադարձ ակնարկով կ’ընդունինք թէ կեանքը կարճատեւ ընթացք ունի, առաքեալին բառերով «Ձեր կեանքը մշուշին պէս է, որ կարճ ժամանակ մը կ’երեւի եւ ապա կ’աներեւութանայ» (Յկ 4.14)։
Տօնածառի շքեղութենէն եւ զարդարանքի գրաւչութենէն անդին կը սկսիմ մտածել  եզակի առիթներ օգտագործելու կարեւորութեան մասին։ Կեանքը արժեւորելու համար հարկ է ի մտի ունենալ թէ առիթները իմաստալից եւ դաստիարակիչ  կայարաններ են։ Օրինակ՝ տարեվերջը ինքնաքննութեան առիթ է, Ամանորը գոհունակութիւն զգալու եւ ցնծութեամբ նոր Տարին դիմաւորելու առիթ է։ Աստուծոյ բարիքները վերյիշելու առիթ է ամէն նոր օր, որ կը դիմաւորենք։ Հոգեւոր արթնութեան հրաւիրող, անկիւնադարձային փոփոխութեան նպաստող, հոգեւոր աճման միջոց հանդիսացող եւ կեանքէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը մեր ուշադրութեան յանձնող օրհնաբեր առիթներ կան։ Ասոնք պատահական կերպով չեն ըլլար։ Այլ՝ Աստուծոյ բարի կամքին ցուցանիշը եղող իրականութիւններ են, որոնք մեր առօրեային հետ սերտ առնչութիւն ունին։ Առաքեալին բառերով. «Աստուած բարիին գործակից կ’ըլլայ անոնց՝ որոնք կը սիրեն զինք…» (Հռ 8.28)։
Առիթ կայ, օգտագործելն է անյետաձգելին։ Առիթը կը նմանի բանալիի, իսկ յաջողութիւնը՝ դուռի։ Առիթը օգտագործողին առջեւ կը բացուին յաջողութեան եւ օրհնութեան դռները։ Մարդիկ յաճախ յաջողութիւնը կը վերագրեն միայն նիւթական բարգաւաճման եւ տնտեսական կայունութեան հետ։ Զուտ նիւթական չափանիշով կարելի չէ նայիլ կեանքին, մարդը ունի հոգեւոր ներաշխարհ, բարոյական աշխարհ, մտային եւ զգացական բաժին։ Դրամով չենք կրնար սահմանափակել կեանքը։
Մարդ սիրաշահիլն ալ արուեստ է, վստահութիւն շահիլը դրամագլուխ է, ժամանակը շահարկելը ձեւով մը տնտեսագիտութիւն է, գիտելիք եւ փորձառութիւն ունենալը  տուեալ է, աշխատասէր ըլլալը յատկութիւն է եւ շնորհքները յայտնաբերելը յաջողութեան դուռը թակող ընթացք է։ Այս բոլորը միասին կը կազմեն յաջողութեան յատակագիծը, որպէսզի մարդը կարենայ յաջողակ ընթացք ունենալ եւ պատուաբեր ապագայ կերտել։
Նեղութիւնն ալ առիթ է, թէեւ անտեսանելի  կը թուին նեղութեան մէջ ծածուկ մնացող խորհրդաւոր «առիթները»։ Նեղ կացութեան ընդմէջէն դասեր քաղելու եւ պատահածներուն վերաբերեալ խորքային մօտեցում ցուցաբերելու առիթներ կան։ Անցեալի նեղութիւնները մեր դիմադրողականութիւնը զօրացնող պատուաստներ են։ Երեւութապէս վնասաբեր համարուած պէս պէս նեղութիւնները առիթներ են՝ լուծում փնտռելու, ելքի ճանապարհ որոնելու, աղօթքի մէջ յարատեւելու, բայց մանաւանդ Աստուծոյ վստահելու։ Ամիսներ առաջ ծխայիններէս մին տեսայ։ Տարիներէ ի վեր հեռաւոր ցամաքամաս տեղափոխուած էր։
Ան հարցուց. «Տէր հայր գիտես ինչո՞ւ մեր կողմերը անհաւատութիւնը տարածուած է»։ Չկրցայ հաստատ պատասխան տալ։ Ան ըսաւ. «Որովհետեւ ամէն ինչ ապահով է եւ առատ։ Մարդիկ Աստուծոյ փնտռելու կարիքը չեն զգար»։ Փորձառու ծխայինս իրատես կերպով երեւոյթը պարզեց։ Սովորաբար ճոխ պայմանները անտարբերութեան, մոլութեան եւ անառակութեան պատրուակ դարձած են շատե՜րուն համար։ Իսկ տագնապալի պահերը եւ դժուարին կացութիւնը առիթներ են՝ հաւատքին կառչելու, տոկալու, դասեր քաղելու եւ իմաստութեամբ ապրելու։
Հաւատքի կեանքին մէջ Խաչը մեզի համար տանջանքի գործիք չէ, այլ՝ Յարութիւնը կանխող հանգրուան եւ յաղթանակի նախանշան։ Սուգը միայն աշխարհի ունայնութիւնը յիշելու եւ ցաւ զգալու առիթ չէ, այլ՝ կեանքը արժեւորելու եւ Արքայութեան հասնելու նպատակով ապրելու կոչ։ Կան առիթներ, որոնք աստուածային արտօնութեամբ եւ յաճախ Իր միջամտութեամբ ազդու միջոց կը հանդիսանան մեղքի կապանքներէն ազատագրուելու, կաղապարուած մտայնութիւններէն հրաժարելու, սխալը հերքելու եւ ես-ի նեղ շրջագիծէն դուրս գալու համար։
Գիտական հրաշալի գիւտերը եւ հաւատքի ախոյեաններուն երթը արդիւնքն են տագնապին, որուն ճամբով լուսամիտ եւ առաքինի մարդիկ կեանքը գեղեցկացուցին եւ գալիք սերունդներուն բարիքներ կտակեցին։ Նեղութիւնը իրենց կեանքը առաքելութեան վերածելու առիթ սեպեցին, սիրով գործեցին եւ հարուստ իրագործումներով մարդկութեան բեռը թեթեւցուցին, այդպիսով յիշատակութեան արժանի եղան։
Առիթը սպասել ձեռնածալ մնալ եւ անտարբեր ըլլալ չի նշանակեր։ Առիթներ կան անխտիր
բոլորիս։ Յատկապէս տարուան աւարտին վառ յոյսերով, երազներով եւ լաւ իրավիճակներ տեսնելու ակնկալութեամբ կը փափաքինք դիմաւորել 2023 թուականը։ Բայց նաեւ կ’ուզենք հինը նորոգել, սրբագրելու ճիգ թափել, Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել, մարդոց հետ մեր յարաբերութիւնը սիրով համեմել եւ մեր ընտանեկան յարկը շէնցնել լուսեղէն մտածումներով եւ առաքինութեան զարդերով։
2022-ի մայրամուտը առիթ է հաշտութեան գովքը հիւսելու, խաղաղութիւն սերմանելու, ներելու եւ նուիրուելու, եւ առածին բառերով. «Խաւարը անիծելու փոխարէն մոմ վառելու»։
Երբ տարեվերջը կը մօտենայ, լաւագոյն ձեւով օգտագործենք ժամանակը։ Նոր Տարուան սեմին կանգնած ենք եւ լաւատեսութեամբ կը սպասենք դրական փոփոխութիւններ եւ ուրախալի նորութիւններ։ Բայց մեծագոյն ուրախութիւնն է Յիսուսի Սուրբ ծննդեան տօնը։ Առիթ մը, որ քաղցր հրաւէր է շնորհքով գործելու, սիրով ծառայելու, եւ Ս. Ծննդեան տօնին օրհնութիւնը ամբողջ տարին վայելելու։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան