Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոս մեծարգոյ տիար Բաբգէն Պատալեանի, շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հիւպատոսութեան խորհրդական տիար Դաւիթ Թադէոսեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետ տիար Արկադի Տօնոյեան։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ տիար Փիեռ Մուսալլի եւ տիար Գուրգէն Գալուստեան։

Պարոն Հիւպատոսը շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ տօնական օրերուն ընդառաջ քաջառողջութիւն եւ արգասաբեր ծառայութիւն մաղթեց անոր։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան եւ աղօթեց, որ 2023 տարին, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծնունդով՝ խաղաղութեան, սիրոյ, համերաշխութեան, ապահովութեան, փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան եւ բարգաւաճ օրեր բերէ ողջ աշխարհին, համայն մարդկութեան եւ ի մասնաւորի մեր հայրենիքին՝ Սուրիոյ, Հայաստանին եւ Արցախին: