ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՌԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Տոհայի «Լոսիլ» մարզադաշտին մէջ աւարտին հասաւ 2022-ի համաշխարհային ֆութպոլի մրցաշարքը, որուն աւարտական մրցումի մրցակիցները դարձան Ֆրանսան եւ Արժանթինը:
Ֆրանսացի խաղացողները ազդուած էին իրենց կազմին մէջ խուժած համաճարակէն, եւ ուժաթափ վիճակով ներկայացան հանդիպումին, որուն 23-րդ վայրկեանին Արժանթինի հաւաքականի խմբապետ Լիոնէլ Մեսսին տուգանային հարուածով նշանակեց առաջին կոլը, որմէ 13 վայրկեան ետք Անխէլ Տի Մարիան կրկնապատկեց արդիւնքը:
Երկրորդ կիսախաղին սկիզբը դարձեալ արժանթինցիները տիրապետած էին խաղարկութեան, բայց անոնք չկրցան մնալ նոյն աշխուժութեամբ: 80-րդ վայրկեանին Քիլիան Մպափփէն տուգանային հարուածով նշանակեց ֆրանսացիներուն առաջին կոլը, որմէ միայն մէկ վայրկեան ետք նոյն մարզիկը նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Հիմնական ժամանակը 2 – 2 հաւասար աւարտելով խումբերը դիմեցին յաւելեալ ժամանակի խաղարկութեան:
109-րդ վայրկեանին, արժանթինցիներու աւագ Լիոնէլ Մեսսին երկրորդ անգամ ցնցեց աշխարհի գործող ախոյեանին դարպասը եւ առաջ մղեց իր կազմը, սակայն, արժանթինցիները անգամ մը եւս չկրցան պահել յաղթանակը, երբ 118-րդ վայրկեանին Մպափփէն անգամ մը եւս տուգանային հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Յաղթողը որոշելու համար կազմերը դիմեցին 11 մեթրի հարուածներու, որուն ընթացքին արժանթին աւելի ինքնավստահ խաղալով նշանակեց 4 հարուած եւ երրորդ անգամ ըլլալով կրցաւ տիրանալ աշխարհի ախոյեանութեան:
ՔԻԼԻԱՆ ԷՄՊԱՓՓԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈԼՍՔՈՐԻՍՏ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ 
2022-ի համաշխարհային ֆութպոլի մրցումներու աւարտին, Ֆրանսայի հաւաքականի եւ Փարիզ Սան Ժերմանի յարձակողական խաղացող Քիլիան Մպափփէ տիրացաւ կոլսքորիստի կոչումին՝ նշանակելով 8 կոլ: Ան յաջողեցաւ ցնցել Աւստրալիոյ, Դանիոյ, Լեհաստանի եւ Արժանթինի դարպասները: Մպափփէին յաջորդեց արժանթինցի Լիոնէլ Մեսսին՝ նշանակելով 7 կոլ: Սոյն արդիւնքով Մպափփէ եղաւ աշխարհի երկրորդ խաղացողը, որ կը յաջողի երկու աւարտական մրցումներու կոլեր նշանակել. Առաջին խաղացողն էր պրազիլցի Վաւան, որ սոյն կոչումին արժանացած էր 1958 – 1962 տարիներուն: 56 տարի ետք, Մպափփէ եղաւ նաեւ առաջին խաղացողը, որ յաջողեցաւ երեք կոլ նշանակել աւարտական մրցումին:
ՄԵՍՍԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂԻ «ՈՍԿԻ ԳՆԴԱԿ»-ԻՆ 
Աշխարհի եռակի ախոյեան հռչակուած արժանթինի հաւաքականի աւագ, Փարիզ Սան Ժերմանի խաղացող 35-ամեայ Լիոնէլ Մեսսի արժանացաւ Քաթարի մէջ աւարտած աշխարհի առաջնութեան լաւագոյն խաղացողի «Ոսկի գնդակ» մրցանակին: Մեսսի առաջին անգամն էր, որ կը տիրանար աշխարհի ախոյեանութեան։ 2014-ին ան դարձած էր աշխարհի փոխախոյեան։
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան