«Ապառաժ»._ԱՄՆ-ն մտահոգուած է Լաչինի միջանցքէն տեղաշարժի արգելքներով եւ կոչ կ’ուղղէ լիարժէքօրէն վերականգնելու տեղաշարժը:

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգության հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվանին, Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Հիքմէթ Հաճիեւին հետ 22 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցներուն հետեւանքով:

«Ազգային Անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվան առանձին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանին եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Հիքմէթ Հաճիեւին հետ։ Հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին անոնք ամփոփեցին Ուաշինկթընի մէջ 27 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած իրենց միատեղ հանդիպումէն վերջ Եւրոպական Միութեան եւ ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ տեղ գտած յառաջընթացը։ Բոլորը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը բանակցային գործընթացին, որուն նպատակը խաղաղութեան համաձայնագիրի ամբողջականացումն է», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է, որ հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին Ճէյք Սալիվան երկու կողմն ալ յորդորած է դիտարկել քայլեր, որոնք կը մեղմեն լարուածութիւնը եւ հիմքեր կը նախապատրաստեն ապագայ բարիդրացիական յարաբերութիւններուն համար։

«Պարոն Սալիվան փաստեց, որ այս պահուն կը շարունակենք մտահոգուած մնալ Լաչինի միջանցքի տեղաշարժի արգելքներով եւ այդ իրավիճակէն բխող հետզհետէ ծանրացող մարդկային հետեւանքներով եւ կոչ ուղղեց լիարժէքօրէն վերականգնելու ազատ տեղաշարժը միջանցքէն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։