«Արմէնփրէս»._Լիւքսեմպուրկի հայ համայնքը 24 Դեկտեմբերին բողոքի ցոյց կատարած է Եւրոխորհրդարանի շէնքին առջեւ ՝ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի մասին իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով:
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները իրենց բողոքը ներկայացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին չարձագանգելուն ու լռութիւնը պահպանելուն համար:

Լիւքսեմպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչները նշած են, որ Սուրբ Ծննունդին մօտենալուն զուգընթաց ճանապարհի փակումը հանգեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վաճառատուներու դատարկման եւ հիւանդանոցներու մէջ վիրահատութիւններու յետաձգման:

«Այս շրջափակման վերջնական նպատակը ցեղային զտում է, եւ անոր հետ կարելի չէ համակերպիլ։ Մենք միջազգային հանրութենէն կը պահանջենք որոշակի գործողութիւններ ձեռնարկել ատրպէյճանական յարձակումին դէմ», յայտարարած է Լիւքսեմպուրկի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավար, իրաւաբան Ֆրանսի Տէրտէրեան, որ բողոքի ցոյց կազմակերպած էր։

Լիւքսեմպուրկի ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեան միացած է ցուցարարներու կոչերուն ՝ յայտարարելով, որ Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը բոլոր մատչելի երկկողմ, եռակողմ եւ բազմակողմ պարտաւորութիւններու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքին, յատկապէս՝ Ժնեւեան համաձայնագիրի կոպիտ խախտում է։