Թէեւ պաշտօնապես եռակողմ հանդիպում նախատեսուած չէր, սակայն, Փութին, Փաշինեան ու Ալիեւ 26 Դեկտեմբեր 2022_ին քննարկած են տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահը Հայաստանի վարչապետի հետ հանդիպումի ընթացքին։
Ընդունելով Փաշինեանը, Փութին կրկին յիշեցուց Հայաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ առեւտրաշրջանառութեան աճող ընթացքը, միաժամանակ ընդգծեց, որ այժմ այլ կարեւոր հարցեր կան:
Փութին չէ յստակացուցած, թէ ինչի շուրջ համաձայնած են։
Պութինին խօդնակը միայն ըսած է, թէ «խօսքը լիարժէք ձեւաչափով եռակողմ հանդիպումի մասին չէ», այլ՝ գագաթնաժողովին տեղի ունեցած քննարկումներուն մասին։
«Այս դաշտին մէջ բոլորը բոլորին հետ կը շփուէւն», ըսած է Տմիթրի Փեսքով։
Հայաստանի վարչապետը, իր կարգին, Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին պնդեց, թէ կ’ուզէ տարածաշրջանի ամենակարեւոր հարցը քննարկել։
Հանդիպումի ընթացքին Փաշինեան քանի մը անգամ ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքը կը գտնուի ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատուութեա
ան գօտիին վրայ։ Պնդած է՝ հիմա իրավիճակը փոխուած է.
Բացման այս կարճ խօսքէն վերջ բանակցութիւնները շարունակուած են դռնփակ ձեւաչափով։