Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ 25 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած համաժողովրդական հանրահաւաքը յայտնուած է միջազգային շարք մը յառաջատար լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնը:

Հանրահաւաքի մասին գրած է Agence France Presse (AFP) գործակալութեան թղթակիցը: Յօդուածը տարածած են France 24, Digital Journal, Channel News Asia, RFI լրատուամիջոցները:

Յօդուածին հեղինակը հակիրճօրէն կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդին՝ 2 շաբաթ շարունակուող արգելափակումը:

Յօդուածին հեղինակը, վկայակոչելով ՀՀ կառավարութիւնը, նշած է, որ Լաչինի միջանցքի արգելափակումէն վերջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յառաջացած է սնունդի, դեղորայքի եւ վառելիքի պակաս:

AFP-ի թղթակիցը զրուցած է Ստեփանակերտի 70-ամեայ բնակչուհի Տոնարա Գաբրիէլեանին հետ, որ շեշտած է, որ Լաչինի միջանցքով Արցախը կապուած է ոչ միայն Հայաստանի հետ:

«Սա միակ ճանապարհն է, որ կը կապէ Արցախը մնացած աշխարհին հետ, ոչ միայն Հայաստանին, քանի որ մենք աշխարհի հետ կը կապուինք Հայաստանի միջոցով», ըսած է Տոնարա Գաբրիէլեան:

Ստեփանակերտին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին անդրադարձած է նաև ТАСС լրատուական գործակալութիւնը: Լրատուամիջոցը նոյնպէս ներկայացուցած է վերջին երկու շաբաթներուն Լաչինի միջանցքին արգելափակումը եւ երկու կողմերու յայտարարութիւնները այդ առնչութեամբ: