Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան՝«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատասխանելով հարցումին , թէ կրցա՞ծ են համոզել միջազգային գործընկերները, որ երթան Արցախ եւ հասկնան տեղւոյն իրավիճակը ըսած է, որ ատրպէյճանական կողմը մինչ այս պահը կրցած է խոչընդոտել ՄԱԿ-ի կողմէն Արցախ առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստանին առաջարկը։

Գրիգորեան յայտնած է, որ հարցը քննարկած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նախագահին հետ, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը նաեւ նման առաջարկ ուղարկած է։

«Օրինակ, վերջերս մեր զեկոյցը Լաչինի միջանցքի փակման մասին, որ ուղարկած էինք, շատ հարցեր կը ներառնէին, կը հարցնէին՝ «իսկ կա՞յ որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն, որ գետնի վրայ այնտեղ է եւ կրնաք հաստատել»։ Սա մէկ անգամ եւս մեր պնդումը վերահաստատելու, կամ առաջարկը ներկայացնելու առիթ էր», ըսաւ պաշտպանը։

Միակ կազմակերպութիւնը, որ Ստեփանակերտի մէջ ներկայացուած է, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն է, ըսած է Գրիգորեան՝ միեւնոյն ատեն շեշտելով՝ որ անիկա ունի շատ սահմանափակ եւ շատ որոշակի, նեղ, մարդկային հովանաւոր, եւ կազմակերպութիւնը հսկայական բարդութիւններու առջեւ է ատրպէյճանական կողմին ոչ գործակցային գործելակերպի պայմաններուն տակ։