Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2022 -ի առաւօտեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ . Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան եւ ազգային պատուիրակութիւնը այցելեցին Լաթաքիոյ Ազգ. Ս.Նահատակաց վարժարան, ուր հանդիպում ունեցան վրժ.-ի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով։
Ապա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ սրբազան հայրը աղօթեց, այնուհետեւ պատուիրակութեան հետ ուղղուեցաւ «Գանձասար» սրահ:
Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Գարամարտեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ շնորհաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը՝ ընտրուելուն ուրախ առիթով եւ մաղթեց բարի ծառայութիւն:
Նոր տարուան սեմին կատարուած այս այցելութիւնը ցնծութեան առիթ հանդիսացաւ Լաթաքիոյ հայութեան՝ տարին դիմաւորելու սիրով ու հաւատքով։
Սրբազան հայրը իր կարգին խաղաղութիւն մաղթեց Սուրիոյ, Հայաստանին ու Արցախին եւ ներկաներուն մաղթեց քաջառողջութիւն, համբերութիւն եւ բեղուն գործունէութիւն, որպէսզի իւրաքանչիւրս շարունակէ պատասխանատուութեամբ ծառայել ազգային կեանքին, իրեն վստահուած առաքելութեան ու կոչումին տէր դառնալով։
Սրբազան հայրը այնուհետեւ փոխանցեց վեհափառ հօր բարեմաղթութիւնները եւ հայրական օրհնութիւնները նոր տարուան եւ Ս.Ծնունդին առիթով։
Տէր Մակար աղօթեց առ Աստուած, որ հայ ժողովուրդը իր կամքով ու հաւատքով կարենայ յաղթահարել դժուարութիւնները ու միասնական ուժով նոր արշալոյսներ դիմաւորէ։
Սրբազան հայրը նաեւ վեհափառ հօր զօրակցութիւնը, բարեմաղթութիւններն ու գնահատական նուէրը փոխանցեց Լաթաքիոյ Ազգ. վարժարանէն ներս գործող պաշտօնէութեան։
Ապա Մակար սրբազան իր այցը եզրափակեց
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» մաղթանքով:
Նայիրի Կարապետեան