Չորեքշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ, հովուական անդրանիկ այցելութիւն տուաւ քեսապահայութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան եւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչը։

Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, հրապարակէն ներս ջերմապէս դիմաւորուեցան Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի, Քեսապի Հայ Աւետարանական համայնքի պատուելի Շանթ Ակիշեանի, Հայ Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչին, պետական պատասխանատուներու, Քեսապի քաղաքապետին, գիւղապետերուն, թաղականութեան, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քեսապ մասնաճիւղի փողերախումբին, տարազաւոր սկաուտներուն եւ եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ: Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբին եւ դպրաց դասին առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր ցնծութեամբ դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջին ներքոյ։ Տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում եւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութիւն։
Դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր կանոնական աղօթք կատարեց։
Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, յանուն քեսապահայութեան, հոգեկան ցնծութեամբ բարի գալուստ մաղթեց նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ շնորհաւորեց զինք՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն ուրախ առիթով, մաղթելով, արեւշատութեամբ եւ աստուածային օրհնութեամբ լեցուն ընդ երկար ծառայութիւն: Ապա, հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, իր անդրանիկ պատգամը ուղղելու քեսապահայութեան։

Մակար Սրբազան օրուան աղօթքին բառերով՝ Հայաստանի, Արցախի եւ ծննդավայր Սուրիոյ համար աղօթեց, հայցելով, որ խաղաղութիւն հաստատուի ողջ աշխարհին վրայ, մեր ընտանիքներուն եւ սրտերուն մէջ։
Ան փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին՝ այս հրաշալի առիթին համար եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչին, թաղականութեան եւ բոլոր միութիւններու պատասխանատուներուն, որոնք սիրալիր կերպով ընդունեցին զինք եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ որպէս Առաջնորդ, հոգեւոր հայր եւ պատասխանատու, թեմի բոլոր զաւակներուն հետ համագործակցաբար, Քրիստոսի խոստումին վստահելով պիտի գործէ, ազգային իշխանութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն, միութիւններուն, մարմիններուն, յանձնախումբերուն հետ մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի կազմելով եւ նոյն նպատակին համար ծառայելով։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները աղօթելու Սուրիոյ համար, անոր ղեկավարութեան, բանակին եւ երկրի Վսեմաշուք Նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին համար, յայտնելով, որ հակառակ որ Սուրիոյ ժողովուրդը անցնող տասնամեակին՝ պատերազմ, մահ եւ սարսափ ապրեցաւ, սակայն առանց ընկրկելու ոտքի կանգնելով կը շարունակէ իր կեանքի պայքարը, կառչած մնալով իր արժէքներուն։
Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան քեսապահայութեան փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական սէրը, ողջոյններն ու օրհնութիւնները եւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով արեւշատութեան եւ աստուածային օրհնութեան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։
Հայր Սուրբը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով յուշանուէր փոխանցեց Սրբազան Հօր։
Աւարտին, եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահէն ներս աջահամբոյր կատարուեցաւ ի պատիւ Սրբազան Հօր։

Ապա, Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցան եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին հետ, Հայր Սուրբին ներկայութեամբ:
Թաղականութեան ատենապետ տիար Վիգէն Լնդեան թաղականութեան անունով շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը՝ Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ քաջառողջ եւ արեւշատ տարիներու ծառայութիւն մաղթեց անոր:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Սրբազան Հայրը, մօտէն ծանօթացաւ թաղականութեան գործունէութեան եւ այցելութեան առիթով բարձրօրէն գնահատեց թաղականները՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար:

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը պատուիրակութեամբ այցելեց Գարատուրան, ուր ծովուն դիմացի հեռաւոր տեսարանը կը պարզէր Մուսա լեռը: Ապա, ան 1908-ին հիմնուած Ս. Ստեփանոս մատուռը այցելելով, օրհնութեան աղօթք կատարեց եւ մատուռը մօտէն տեսնելով, շինարարական նորոգութիւններ կատարելու կարեւորութեան անդրադարձաւ:
Ապա, Մակար Սրբազան այցելեց Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր աղօթք կատարելով մօտէն ծանօթացաւ եկեղեցւոյ կարիքներուն: Որմէ ետք, ան այցելեց Գարատուրանի ակումբի գրադարանը, ապա ուղղուեցաւ դէպի Քեսապի համալիր, ուր այցելեց Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցաւ հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան հետ։
Գերաշնորհ Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Ճեմարանի անձնակազմին ազգանուէր ծառայութիւնը: Ան ուսուցիչները կրթող ռահվիրաներ եւ առաքեալներ կոչեց, որոնք մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքները մեծ սիրով եւ համբերութեամբ նոր սերունդին կը փոխանցեն:

Նոր Տարուան առիթով, Սրբազան Հայրը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական սէրն ու շօշափելի գնահատականը՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային դպրոցներուն եւ կառոյցներուն մէջ գործող պաշտօնէութեան եւ փոխադարձաբար բոլորին անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ճիգ չի խնայեր օգտակար դառնալու դժուարութեան մէջ եղող մեր ազգի զաւակներուն, ըլլան անոնք Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ կամ այլուր:
Սրբազան Հայրը ծանօթացաւ նաեւ համալիրի պանդոկի բաժինի աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ, Մակար Սրբազան այցելեց Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատուռը, ուր Հայր Սուրբը Սրբազան Հօր ծանօթացուց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով այնտեղ կատարուող աւանդական արարողութիւններուն:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբազան Հայրը «Սահակեան» սրահէն ներս ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Կիլիկիա» երգչախումբի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան համերգին, որ տեղի ունեցաւ խմբավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ օրդ. Էւա Պետրճիքեանի:
Համերգի աւարտին Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց, մեծապէս գնահատելով Համազգայինի վարչութիւնը, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, դաշնակահարը եւ երգչախումբի անդամները, որոնք երգի ճամբով վառ կը պահեն մեր մշակութային, ազգային եւ հոգեւոր արժէքները:

Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, պաշտօնական ընթրիք սարքուեցաւ՝ ի պատիւ Սրբազան Հօր, ներկայութեամբ՝ Սրբազան Հօր ընկերակցող պատուիրակութեան, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչին, պատկան մարմինին, թաղականութեան, դպրաց դասին, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Յանուն քեսապահայութեան սրտի խօսք արտասանեց Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչը, որ կրկին անգամ շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը եւ շնորհակալութիւն իր օրհնաբեր այցելութեան համար, որ առաւել քաջալերանք եւ յոյս ներշնչեց քեսապահայութեան: Ապա, ներկաները եւս իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին:
Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գնահատեց Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչին սիրով տարած ծառայութիւնը, եկեղեցւոյ թաղականութեան, դպրաց դասին եւ բոլոր միութիւններուն ազգանուէր ծառայութիւնը եւ մաղթեց, որ համագործակցութեամբ եւ սիրով շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:
Հինգշաբթի առաւօտուն, Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով նախաճաշ սարքուեցաւ, որուն ներկայ գտնուեցան Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամը, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամը, Քեսապի հերթապահը եւ թաղականութեան ատենապետը: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող նախաճաշէն ետք Սրբազան Հայրը վերադարձաւ Հալէպ: