——————————–
Բերիոյ Հայոց Թեմի սիրելի՛ զաւակներ՝ հաւատացեալ ժողովուրդ, հայրեր ու մայրեր, քոյրեր եւ եղբայրներ,
Տարի մը եւս թաւալելով իր աւարտին կը հասնի եւ իբրեւ անցեալ ժամանակ՝ կուգայ օղակաւորուելու մարդկային պատմութիւնը կազմող ժամանակաշղթային։ Բոլորուած տարի մը, որ լեցուն եղաւ մարտահրաւէրներով, դժուարութիւններով, տագնապներով եւ նեղութիւններով։
Շատերու համար ան եղաւ յաջողութեան, իսկ ուրիշներու համար ալ՝ ձախորդութեան տարի մը. ոմանց համար եղաւ ուրախութեան եւ ցնծութեան, իսկ ուրիշներու համար ալ՝ տխրութեան ու սուգի օղակ մը. կարգ մը ընտանիքներու համար եղաւ ծնունդով մը բախտաւորուելու կամ հարսնեւոր պարագայով մը ծաղկելու, իսկ ուրիշներու համար՝ սիրելի մը կամ հարազատ մը կորսնցնելու իրավիճակ. որոշ երկիրներու համար եղաւ յաղթանակներ ապահովելու, բարգաւաճելու եւ զարգանալու տարի մը իսկ ուրիշներու համար ալ՝ պատերազմի, պարտութեան, կործանարար պայթումներու, հողատարածք, անթիւ ու հազարաւոր անմեղ զոհեր ու նահատակներ տալու եւ սերունդներ, ինչք եւ հարստութիւն կորսնցնելու եւ տնտեսապէս գահավիժելու սեւ տարի մը. ոմանց համար եղաւ ծառայութեան ոսկեայ յոբելեանական ամեակներ տօնելու ուրախութեան եւ հպարտանքի տարի մը, իսկ ուրիշներու համար եղաւ ափսոսանքի ու մոռացութեան մատնուելու տարի մը. շատերու համար եղաւ խաղաղութեան, հանգստութեան, ապահովութեան, հարստանալու, բարձրանալու, գագաթներ նուաճելու տարի մը, իսկ ուրիշներու համար եղաւ փոթորկոտ ալեկոծութեան, անորոշութեան, անօթութեան, յուսախաբութեան, լքուածութեան, աղքատութեան մատնուելու, ճնշուելու, պատառ մը հացի, գաւաթ մը ջուրի, ելեկտրական հոսանքի եւ կեանքի ամենատարրական պայմաններու կարօտը ունենալու շրջան մը։
Շատերու համար ան եղաւ զանազան կարիքաւորներու պէտքերը հոգալու առումով առատութեամբ բարերարելու, ողորմելու եւ օժանդակելու օրհնաբեր տարի մը, իսկ ուրիշներու համար ալ՝ տրուածներէն օգտուելու եւ կատարուած օժանդակութեան համար երախտապարտ ըլլալու տարի մը. ոմանց համար եղաւ հիւանդին ու աղքատին ծառայութեան ձեռք երկարելու տարի մը, իսկ ուրիշներու համար ալ՝ այդ ձեռքէն բռնելու եւ անոր յենելով քալելու տարի մը, եւ շարքը երկար է։ Աստուծոյ շնորհքով եւ ողորմութեամբ 2022 տարին մեր ետին ձգելով, կ’ողջունենք 2023-ը։
Տարին երբ իր աւարտին կը հասնի, մանաւանդ երբ նորը կը բացուի, մարդ ինքնաքննութեան, հաշուետուութեան եւ ինքնարժեւորումի կը հրաւիրուի՝ անդրադառնալու իր ընդհանուր իրավիճակին, որուն լոյսին տակ, առողջ եւ նորոգուած մտածելակերպով ու ապրելակերպով առաջ կու գայ՝ սկսելու նոր տարին։ Տէրը կը թելադրէ. «Ուշադի՛ր եղէք ձեր անձերուն։ Չըլլայ որ ձեր սիրտերը գրաւուին կերուխումով, արբեցութեամբ եւ աշխարհիկ հոգերով, եւ յանկարծ այդ օրը ձեր վրայ գայ։ Ուստի արթուն եղէք եւ միշտ աղօթեցէք, որ արժանի ըլլաք այս պատահելիքներէն ազատելու եւ Մարդու Որդիին ներկայութեան կանգնելու» (Ղկ 23.34,36)։
Ի՞նչ բան օրը կամ տարին նոր կը դարձնէ։ Քանի որ արարչական կարգաւորումին ու տնօրինումին համաձայն, ամէն ինչ բնական իր ընթացքին կը հետեւի։ Օրը կ’աւարտի արեւնամուտով եւ կը սկսի արեւածագով, ինչպէս էր նախորդ օրը եւ էին իրերայաջորդ հազարաւոր, տասնեակ եւ հարիւրհազարաւոր տարիները։ Օրը կամ տարին նոր կ’ըլլայ, երբ մարդ կ’անդրադառնայ իր կոչումին ու առաքելութեան եւ աստուածատուր կեանքն ու ժամանակը, առիթներն ու միջոցները, կարողութիւններն ու շնորհքները լաւագոյնս կ’արժեւորէ ու կ’օգտագործէ, իբրեւ բարի եւ իմաստուն տնտես, թէ՛ իր եւ թէ ուրիշին բարիքին եւ օգուտին համար։ Ատիկա ընելու համար պէտք ունինք մտածելակերպի ու ապրելակերպի փոփոխութեան, որպէսզի «ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ» (Հռ 12.2), որ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ եւ Աստուծոյ Սուրբ խօսքին ու պատուիրաններուն ճանաչողութեամբ ու պահպանութեամբ կը կատարուի։ Աստուած մեր անձերուն ուշադիր ըլլալ, արթուն հսկել եւ աղօթել կը թելադրէ, որոնցմով մարդ աստուածահաճ եւ մարդօգուտ կեանք մը կ’ապրի։ Որովհետեւ աշխարհը լեցուն է ամէն տեսակ հրապուրիչ, կործանարար եւ մոլորեցուցիչ երեւոյթներով, որոնց նկատմամբ եթէ զգուշաւոր մօտեցում չցուցաբերենք, շուտով մեր կորուստին պատճառ կը դառնան, քանի երկրի վրայ բնակողը անվարան անոնց ենթակայ պիտի ըլլայ։
Ուստի, աղօթենք Շնորհալի Հայրապետին բառերով՝ «Նորոգող հնութեանց, նորոգեա՛ եւ զիս նորոգ զարդարեա», որպէսզի հոգեւոր թուլութիւնը կրկնակի ժխտական ազդեցութիւններով չհարուածէ մեր կեանքը ու մեզմէ չգողնայ ու չհեռացնէ ամէն ինչ որ բարի է, աստուածահաճ է ու կատարեալ։
Աշխարհը, այնօրուան նման, այսօր ալ կը տառապի անարդարութենէ, բռնատիրութենէ, անիրաւութենէ, բարոյազրկուածութենէ, սիրոյ, խաղաղութեան ու համերաշխութեան պակասէ ու բացակայութենէ։ Քրիստոսի ծնունդով Աստուծոյ անսահման սէրն ու ողորմութիւնը յայտնուեցան, որպէսզի մարդը սորվի զինք սիրող Աստուծոյ օրինակով իր նմանը սիրել եւ ողորմութեամբ ինքզինք գերազանցել։ Յիսուսի ծնունդով՝ Արդարութեան Արեգակը որպէս ճշմարիտ լոյս ծագեցաւ մեղքի ու մահուան խաւարի մէջ նստող մարդոց վրայ, որպէսզի լուսաւորելով զանոնք, մահէն կեանքի անցընէ։ Խաղաղութեան Իշխանի ծնունդով մեր առջեւ բացուեցաւ յաւիտենականութեան ճամբան, որպէսզի խաղաղութեան հաստատումին համար գործենք եւ Խաղաղասէրին ու Մարդասէրին ճշմարիտ որդիները դառնանք։
Սիրելինե՛ր,
Այսօր ալ Աստուած նոյն սիրով այցելութեան կու գայ մեզի, մեր տառապեալ աշխարհին, յիշեցնելով որ Ան կը սիրէ մեզ եւ կ’ուզէ մեր միջեւ բնակիլ, մեր սիրտերուն մէջ հանգչիլ եւ մեր Հայրը կոչուիլ ու ըլլալ։ Խոնարհ սրտով ու երախտագիտական զգացումներով վազենք դէպի մեր սիրոյն մարդացող փրկիչը. երկիւղով ու հաւատքով երկրպագենք մանկացեալ Աստուածորդիին եւ որպէս ընծայ՝ ոսկիի, կնդրուկի եւ զմուռսի փոխարէն, մեր անձերը մատուցենք իրեն եւ մեր խոնարհ ու սիրով ջերմացած սրտերը իբրեւ Բեթլեհեմեան մսեղէն մսուրներ պատրաստած՝ հոն ընդունինք զայն եւ վայելենք ու ապրինք հրաշքներուն Հրաշքը։
Բարձրեալ Աստուծոյ փառք տալով կը շնորհաւորեմ ձեր նոր տարին եւ սրտանց կը մաղթեմ, որ 2023 տարին ողջ աշխարհին եւ մեզի՝ բոլորին համար ըլլայ աստուածային անդադրում օրհնութիւններով լեցուն՝ խաղաղութեամբ, առողջութեամբ, յաջողութեամբ, համերաշխութեամբ, համագործակցութեամբ, սիրով, ներողամտութեամբ, հոգեւոր պարգեւներով ու զարգացումներով ողողուն տարի մը։ Նաեւ՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդով լիցքաւորուած՝ օրհնութիւն դառնանք մեր ընտանիքներուն ու շրջապատին եւ հրեշտակին ու հովիւներուն հետ մենք ալ երկնային Աւետիսը բարձրաձայնենք. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մե՜ծ Աւետիս»։
Մակար Եպս. Աշգարեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին